Անշուշտ այս ծրագիրը երբեք չիրականացաւ, որովհետեւ Ալեքսանտրէթի հայերու ճնշող մեծամասնութիւնը՝ մօտ 15000 հոգի, լքեց շրջանը 1939-ի Յուլիսին՝ անոր վերջնականօրէն Թուրքիոյ վերադարձուելէն անմիջապէս առաջ: Հիւրընկալման նոր կեդրոններ ստեղծուեցան այն ատեն Լիբանանի մէջ՝ նախաձեռնութեամբ ֆրանսական Բարձր քոմիսէրութեան: Այսպէս, Սեպտեմբեր 1939-ին երկու հարիւր ընտանիք, մեծամասնութեամբ Ալեքսանտրէթէն, Պէյլանէն, Սովուկ Սուէն, Ներկիզլըյէն եւ Աթթիքէն տեղաւորուեցաւ Ռաս ըլ Այնի մէջ՝ Սուրիոյ մօտ: Շուրջ երկու հարիւր ընտանիքներ հաստատուեցան Այնճար, երկու հարիւր քսան՝ Ամուք,Համիտիէի հիւսիսը, Լաթաքիայէն Թրիփոլի տանող ճամբուն վրայ:138 Միութիւնը անմիջապէս զօրակոչի ենթարկեց իր ամբողջ կառոյցը՝ օգնութիւն հասցնելու համար Սուրիա եւ Լիբանան եկած հազարաւոր գաղթականներուն:
Կեդրոնական Վարչութիւնը ղրկեց 1300 բ.ո.-ի անմիջական օգնութիւն եւ միաժամանակ ձեռնարկեց համաշխարհային հանգանակութեան մը՝ ի նպաստ գաղթականներուն: Բազմաթիւ նուիրատուութիւններ կատարուեցան, որոնցմէ ամենամեծերն էին ...
Նուպարաւանի (Ռաս ըլ-Այն, հարաւային Լիբանան) յատակագիծը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ալեքսանտրէթի գաղթականները կը տեղաւորուին Պէյրութի գաղթակայանին մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայերը նաւ կը նստին Ալեքսանտրէթի մէջ, 1939(Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին