Բարեշէնէն քիչ մը արեւելք գտնուող հողատարածքի մը վրայ է որ կառուցուեցաւ Կիւլլապաշէն թաղամասը՝ ամբողջութեամբ Միութեան ծախսերով: 1932-ի Մարտին Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հիմնադրամը, որուն կեդրոնը ԱՄՆ էր, որոշած էր իր մասնակցութիւնը բերել Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ քաղաքային կացարաններու շինարարութեան ծրագիրին եւ դիմած Միութեան:125 Գալուստ Կիւլպէնկեանի զարմիկին՝ Կիւլլապի Կիւլպէնկեանի յիշատակին ստեղծուած այս հիմնադրամը կը տնօրինուէր ընտանիքի միւս անդամներուն կողմէ, որոնցմէ Յարութիւնը եւ Ներսէսը Միութեան պատասխանատու անդամներ էին: Հիմնադրամը Փարիզի Կեդրոնական Վարչութեան տուաւ $15000 (4109 բ.ո.)՝ ի նպաստ Լիբանանի մէջ Կիւլլապաշէն անունով թաղամասի մը շինութեան:
Անգամ մը եւս Միութիւնը եւ Նանսէնեան Գրասենեակը ձեռք ձեռքի տուին, այս նոր թաղամասի ծրագիրը իրագործելու համար. Պիւրնիէն կրցաւ գնել, 1932-ի ամառուան ընթացքին, 1600 բ.ո.-ի, 32000 կանգուննոց հողակտոր մը Նոր Սիս եւ Թրատ (Նոր Ատանա) թաղամասերուն միջեւ, կանգունը 4 օսմանեան դահեկանի: ...
Կիւլլապի Կիւլպէնկեան. Կիւլլապաշէն թաղի կառուցումի ծախսերը հոգացած էր Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, որ ստեղծուած էր ԱՄՆ-ի մէջ Կիւլլապիի յիշատակին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանի կազմած Կիւլլապաշէնի յատակագիծը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին