ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 155

Ծրագիրի յաջողութեան համար, սակայն, կը պահանջուէին շատ աւելի մեծ գումարներ: 1931-ին կը հաշուարկուէր, որ պէտք էր ներդնել վեց միլիոն ֆրանսական ֆրանք՝ յաջորդող երկու տարիներուն ընթացքին տեղաւորելու համար շուրջ երեք հազար գաղթականներ մնայուն կացարաններու մէջ Սուրիա եւ Լիբանան: Արդ, Նանսէնեան Գրասենեակը այս գումարի կէսը ունէր միայն՝ յատկացուած ֆրանսական պետութեան կողմէ: Ազգերու Լիկան յոյսը դրած էր Միութեան 10000 բ.ո.-ի մէկ վարկին վրայ, որ պէտք էր վերադարձուէր վեց տարուան ընթացքին՝ լրացնելու համար ելեւմտական ծրագիրը: Խանդավառուած այս ծրագիրով՝ Կիւլպէնկեանը օրինակ ծառայեց Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան միւս անդամներուն՝ անձամբ նուիրելով 3250 բ.ո.-ի գումար՝ յուսալով, որ իր պաշտօնակիցները եւ Միութեան բարեկամները կ՚ամբողջացնեն պակսող 7500 բ.ո.-ն:116 Յաջորդ օրերուն, արձագանգելով Կեդրոնական Վարչութեան կոչին, Միութեան բազմաթիւ անդամներ բերին իրենց մասնակցութիւնը. Գարակէօզեան եղբայրները՝ 1370 բ.ո., Տիգրան Թեյլըրը՝ 685 բ.ո., Վահրամ Նուպարը՝ 438 բ.ո., Նոյեմի Քաբամաճեանը՝ 400 բ.ո., Առաքել Նուպարը՝ 400 բ.ո. եւ Դաւիթ Մսըրեանը` 269 բ.ո. նուիրեցին :117

Յիշեցնենք, որ այս նուիրատուութիւնները կատարուեցան ատեն մը, երբ կը մոլեգնէր տնտեսական տագնապը, որ 1930-ականներու սկիզբը ցնցեց ամբողջ աշխարհը, եւ Միութեան սովորական նուիրատուներէն շատերը, որոնք ԱՄՆ կ՚ապրէին, ի վիճակի չէին արձագանգելու Փարիզի Կեդրոնի կոչին: Ասով կը բացատրուի այն իրողութիւնը, ...

կարդալ աւելին

ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի Վարչութիւնը 1931-ին: Նստած ձախէն աջ` բժ. Յակոբ Թոփչեան, Միհրան Տամատեան, պատուելի Ենովք Կէօքկէօզեան, բժ. Պաղտասար Մելքոնեան: Ոտքի ձախէն աջ` Կարապետ Քացախեան, Հմայեակ Կռանեան, Պօղոս Թուրսարգիսեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին