Հայ Գաղթականներու Հաստատումի Ծրագիրի Վերջնագոյն Փուլը. Միութեան Նախագահ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Ներդրումը Եւ Բարեշէնի Ու Կիւլլապաշէնի Կառուցումը
Պօղոս Նուպարի մահով 25 Յունիս 1930-ին, Միութիւնը կորսնցուց իր հիմնադիրը, որ իր դրոշմը դրած էր կազմակերպութեան պատմութեան վրայ իր հզօր նկարագիրով, ելեւմտական հմտութեամբ եւ միջազգային կեանքի փորձառութեամբ: Անոր մահուան յաջորդող ամիսներուն Գաբրիէլ Նորատունկեանը, ապա Տիգրան Խան Քելէկեանը ժամանակաւորապէս կատարեցին նախագահի պարտականութիւնները, առանց սակայն ի մտի ունենալու, երկուքի պարագային ալ, երկար մնալ Միութեան ղեկին վրայ: Իրականութեան մէջ Պօղոս Նուպարի մահէն ետք, Միութիւնը կը փնտռէր արժանաւոր յաջորդ մը: 1930-ի Հոկտեմբերին է որ այս յաջորդը գտնուեցաւ: Ընտրուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որ, ինչպէս կը հաստատէր Կեդրոնական Վարչութիւնը, ունէր պահանջուող բոլոր առաւելութիւնները «[…] Արժանի յաջորդը դառնալու համար նշանաւոր հիմնադիր-նախագահին եւ Միութիւնը առաջնորդելու համար դէպի երջանիկ ապագայ, ոչ ոք աւելի յարմար է, քան Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որ իր բարձր ընդունակութեամբ, իր զօրաւոր անհատականութեամբ եւ բեղուն գործունէութեամբ ընդհանուր յարգանք կը վայելէ»:106
Գ. Կիւլպէնկեանի նախագահի պաշտօնը ընդունելուն մէջ մեծ դեր ունի յարատեւ գործունէութիւնը Աղաթօն Պէյի, որ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր Միութեան հոգին էր, եւ Լեւոն Կերտանի107 բանիմացութիւնը, որ կրցաւ համոզել քարիւղի արքան եւ իր մօտիկ գործակիցները, որ անհրաժեշտ էր յանձն առնել այս առաքելութիւնը:108 ...
Հալէպ. Մէյտան թաղ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին եւ Սահակեան դպրոցին առջեւ, 1936: Աջէն ձախ` Արմէն Մազլումեան` ՀԲԸՄ-ի Հալէպի Վարչութեան նախագահ, Ճանիկ Չաքըր` Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի փոխ-նախագահ, Հալէպի ՀԲԸՄ-ի քարտուղարը, Միհրան Մակուարեան` Մէյտանի քաղաքապետ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին