Հայ Նոր Գաղթականները Հալէպի Եւ Վերին Ճեզիրէի Մէջ
Հարեւան թրքական տարածքներէն եկող հայերու նոր հոսքը, սակայն, պիտի վերայարուցէր լուծման ճամբան բռնած խնդիրները եւ կրկին պիտի լեցներ գաղթակայանները: Արդարեւ, 1929-ի ամբողջ ընթացքին եւ 1930-ի սկիզբը բազմահազար հայ գիւղացիներ քեմալական իշխանութիւններուն կողմէ աքսորուեցան Տիգրանակերտէն, Մարտինէն, Բաղէշէն, Մալաթիայէն եւ Խարբերդէն ու դուրս դրուեցան երկիրէն դէպի սուրիական հողերը: Հայ տարագիրները իրենց Սուրիա աքսորին համար գլխաւոր երկու առանցքներու հետեւեցան. քալելով, յետոյ Հալէպ տանող երկաթուղիով` Սուրիոյ սահմանէն քիչ մը արեւելք գտնուող շրջաններէն, ինչպէս Խարբերդէն կամ Բալուէն եւ երկարատեւ հետիոտն արշաւով դէպի սուրիական Վերին Ճէզիրա` Տիգրանակերտի գիւղերէն եւ աւելի արեւելք գտնուող տարածքներէն:101 Մի քանի հազար գաղթականներ այսպիսով եկան աւելնալու տակաւին Հալէպի գաղթակայաններուն մէջ բնակողներու շարքերուն, որոնց համար վերաբնակեցման ծրագիրը ընթացքի մէջ էր: Նոր գաղթականները հաստատուեցան գլխաւորաբար Նոր Գիւղ, Զէյթուն Խան եւ Քասթէլ Հարամ:102 Գալով այն գաղթականներուն, որոնք հետեւած էին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը յանգող աքսորի ճամբուն` անոնք տեղաւորուեցան Վերին Ճէզիրէի, Գամիշլիի, Հասաքէի, Ամուտայի, Քարամանիէի, Տերիքի, Տրպէսիէի քաղաքային կեդրոններուն եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Հոն անոնք կը գոյակցէին այլ ազգաբնակչութիւններու հետ, ինչպէս ասորիներու, քաղթէացիներու, քիւրտերու եւ հրեաներու, որոնք նոյնպէս աքսորուած էին Թուրքիայէն, եւ որոնց այս շրջանին մէջ տեղաւորումը մեծապէս քաջալերուած էր ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն կողմէ: ...
ՀԲԸՄ-ի Հալէպի Վարչութիւնը: Նստած` ձախէն աջ. Երուանդ Զօրեան, Արմէն Մազլումեան (նախագահ), Մ. Բիւզանդեան: Ոտքի` ձախէն աջ. Հրանդ Սիւլահեան, բժ. Գ. Արսլանեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Փողոց մը Գամիշլիի մէջ (CADN, Նանթ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին