Դամասկոսի Եւ Ալեքսանտրէթի Հայկական Նոր Թաղամասերը
Քաղաքային նոր կացարաններու հաստատման ծրագիրը կը վերաբերէր նաեւ Դամասկոս եւ Ալեքսանտրէթ քաղաքներուն: Դամասկոս, 1929-ին Պապ Շարքիի մէջ Նանսէնեան Գրասենեակին կողմէ գնուած հողակտորին վրայ աւելի քան հարիւր նոր տուներու կառուցումէն ետք, եօթ հարիւր երեսուն անձեր 1932-ի վերջաւորութեան հրաժեշտ տուած էին իրենց տնակներուն եւ հաստատուած` այս նոր թաղամասին մէջ:97 Բայց 1935-ին քաղաքի մէջ կային տակաւին չորս հարիւր յիսուն տնակներ, ուր կ'ապրէին երկու հազար երկու հարիւր գաղթականներ:98 Ալեքսանտրէթի շրջանին մէջ Նանսէնեան Գրասենեակը շարունակեց նոր տուներու կառուցումը Ալեքսանտրէթի եւ նոյնիսկ Քըրըք Խանի մէջ, 1920-ականներու վերջաւորութեան գնուած հողակտորներու վրայ: Այնպէս որ 1935-ին վաթսունհինգ տուներ (275 բնակիչ) պատրաստ էին Նոր Թաղի մէջ: Սակայն երեք գաղթակայաններ կը մնային, հիմնուած տասնհինգ տարի առաջ, Կիլիկիոյ պարպումէն ետք. Տէօրթ Եոլի Գաղթակայանը, ...
Ալեքսանտրէթ քաղաքին քովը գտնուող հայ գաղթականներու տնակներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Դամասկոսի հայ գաղթականներուն համար շինուող տուներ, 1929 (CADN, Նանթ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին