Հալէպի Հայկական Նոր Թաղամասերը
Հալէպի մէջ ալ հայկական գաղթակայանները արագօրէն կ'անհետանային: Անոնք մեծամասնութեամբ կը գտնուէին Հալէպի հիւսիսը` յատկապէս Սիւլէյմանիէ, Համիտիէ եւ Ռամ թաղամասերուն մէջ, ուր 1925-ին տասներեք հազար անձեր` մարաշցի, քիլիսցի եւ ուրֆացի, կ'ապրէին տնակներու մէջ: Ասոնցմէ զատ, մօտ ինն հարիւր հայեր` խարբերդցի եւ բալուցի, կ'ապրէին Կէօք Մէյտանի գաղթակայանին մէջ, մինչ հինգ հարիւր ուրիշներ` զէյթունցիներ, հաստատուած էին Էսատ փաշայի գաղթակայանին մէջ: Գալով այնթապցի, կիւրինցի եւ խարբերդցի հազար եօթ հարիւր հայերուն, անոնք պատսպարուած էին Հալէպի չորս պզտիկ գաղթակայաններուն մէջ: Վերջապէս, ուրֆացի ասորիները, բոլորն ալ հայախօս, հաստատուած էին քաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող գաղթակայաններու մէջ, Պաղտատի կայարանին մօտ:87 Ըստ ծննդավայրի խմբաւորումը տիրական էր նաեւ այստեղ: 1925-ի եւ 1930-ի միջեւ, հոգատար իշխանութիւններու որոշումով, այս գաղթակայաններէն ոմանք քանդուեցան, եւ այնուհետեւ գաղթականները կեդրոնացան միայն քաղաքի հիւսիսը գտնուող գաղթակայաններուն մէջ` Սուլէյմանիէ, համիտիէ եւ Ռամ:
Այս գաղթակայաններէն դուրս, հազար եօթ հարիւր հայեր հաստատուած էին, հայկական կազմակերպութիւններու հաշուին, Հալէպի զանազան խաներուն մէջ: ...
Մէյտան էլ-Քէպիրի (Հալէպ) մէջ շինուած քաղաքային նոր թաղամասերը` վերէն դիտուած (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին