ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 150

Այս ոլորտին մէջ առաջին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Մարաշի հայրենակցական միութեան, որ 1929-ին գնեց մօտաւորապէս 127000 քառակուսի մեթր մակերեսով տարածք մը (150000 կանգուն) եւ 1930-էն սկսեալ եռանդով սկսաւ Նոր Մարաշ կոչուած թաղամասի շինարարութեան Պուրճ Համուտի մէջ:75 Յաջորդ տարիներուն Պէյրութի մեծ գաղթակայանի բնակիչ մի քանի հազար հայեր, յատկապէս մարաշցիներ, զէյթունցիներ եւ ֆընտըճաքցիներ հաստատուեցան այս նոր թաղամասին մէջ:76 Բնականաբար այս գաղթականներու խումբի շինարար ոգին եւ գաղթակայանները լքելու իրենց կամքը վճռորոշ գործօններ եղան այս ծրագիրի իրագործումին համար: Համապարտութեան զգացումով եւ փոխ-օգնութեան ճիգով, այս գաղթականները յաջողած էին հաւաքելու 800000 ֆրանք՝ Նոր Մարաշի հողը գնելու համար: Այս նախաձեռնութիւնը անմիջապէս արժանացաւ զօրակցութեանը Նանսէնեան Գրասենեակին եւ Ժ. Պիւրնիէին, որ այս նպատակին կատարեց 400000 ֆրանքի փոխատուութիւն մը՝ հող գնելու եւ տուներ շինելու սահմանուած ֆոնտէն առնուած. այս գումարը պէտք է նոր թաղամասի բնակիչներուն կողմէ վերադարձուէր յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին:77 1935-ին մօտ ութ հարիւր տուներ շինուած էին արդէն Նոր Մարաշի մէջ, որուն բնակիչներու թիւը հասած էր չորս հազարի՝ երկու երրորդով բնակարանի տէր: Նանսէնեան Գրասենեակը տրամադրած էր վեց հարիւր տուներու շինութեան անհրաժեշտ կրաղիւսը եւ երկաթը:78 ... կարդալ աւելին

Պէյրութի գաղթակայանները` վերէն դիտուած: Հարաւ–արեւմուտքին կ’երեւի մեծ դաշտ մը, որ կը համապատասխանէ 1933-ի հրդեհէն ավերուած մեծ գաղթակայանի վայրին: Նկարի հիւսիսը հորիզոնական գիծի վրայ Եոզկաթի, Քարանթինա-Ամանոսի եւ Մասլախի գաղթակայաններն են (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին