ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 149

Պէյրութի Հայկական Նոր Թաղամասերը

1930-էն ետք Նանսէնեան Գրասենեակի ճիգերը Պէյրութի մէջ կեդրոնացան յատկապէս Պէյրութի գետի աջ ափին գտնուող հողերուն վրայ, Պուրճ Համուտ կոչուող վայրի մը մէջ, որ գրեթէ անմարդաբնակ էր, պտղատու ծառերով, թուփերով եւ ճահիճներով ծածկուած: Պիւրնիէն՝ այս լայնածաւալ ծրագիրին նախաձեռնողներէն մէկը եւ ֆրանսացի Բարձր քոմիսէրին վստահելի անձը, հայ պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին բնաւ չի թաքցներ այս ծրագիրի հետապնդած քաղաքական նպատակները: Ազգերու Լիկայի պատուիրակը մտադրած է հոն շինել հայ քաղաք մը՝ տասնութէն քսան հազար բնակիչներով, որոնցմէ երեք հազարը՝ օտարներ: Քաղաքը պիտի ունենայ իր սեփական քաղաքապետութիւնը, անշուշտ հայերէ կազմուած:70 Պուրճ Համուտի ծրագիրը կրկնակ առաւելութիւն մը կը ներկայացնէր Բարձր քոմիսէրութեան համար. ան առիթ կ՚ընծայէր վերջնականապէս ձերբազատուելու Պէյրութի գաղթակայաններէն, եւ ստեղծելու Լիբանանի մայրաքաղաքին փակած ընտրաշրջան մը, որ իրեն նպաստաւոր պիտի ըլլար: Այս հիմքին վրայ է որ սկիզբ առաւ Պուրճ Համուտի կառուցումը՝ օրհնութեամբը հայ ղեկավարներուն, ...

կարդալ աւելին

Պէյրութի գաղթակայանի համայնապատկեր 1920-ականներուն, նախքան բնակիչներու նոր քաղաքային թաղամասեր փոխադրութիւնը (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):

Պուրճ Համուտի (Լիբանան) Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ կառուցուող առաջին տուները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նոր Մարաշի եկեղեցիին կառուցումը: Խորքին մէջ կ'երեւի թաղի մանկապարտէզը: (Փարզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նոր Մարաշի եկեղեցիի վերջանական տեսքը (Փարզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին