ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 148

Հայերու Սուրիա Եւ Լիբանան Հաստատումի Ծրագիրի Վերաբերեալ Ֆրանսական Բարձր Քոմիսէրութեան Ռազմավարութեան Հիմնական Առանցքները

Նախ քան քննարկումը այն հանգամանքներուն, որոնք մղեցին Միութիւնը վերանայելու հայ գաղթականներու Սուրիա եւ Լիբանան հաստատումին վերաբերեալ իր մարդասիրական ռազմավարութիւնը, անհրաժեշտ է հակիրճ կերպով ներկայացնել կացութիւնը 1929-ի վերջաւորութեան: 1930-ին նիւթականի տագնապը արգելք չեղաւ Նանսէնեան Գրասենեակին՝ հայ գաղթականներուն ի նպաստ նոր շինարարական ծրագիրներ նախատեսելու: Երկրագործական գաղութներու ստեղծումը, որ նախորդ տարիներուն իրագործուած էր Ալեքսանտրէթի սանճաքին մէջ, անկայուն եւ ծախսալից նախաձեռնութիւն մը եղած էր, եւ Բարձր քոմիսէրութիւնն ու Նանսէնեան Գրասենեակը որոշեցին իրենց միջոցները կեդրոնացնել քաղաքային շինարարութեան վրայ, յատկապէս Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ: 1929-ի վերջաւորութեան, գաղթականներու նոր բազմութեան մը ժամանումը հիւսիս-արեւելեան Սուրիա տակնուվրայ ըրաւ ֆրանսական Բարձր քոմիսէրութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը: Արդարեւ, քեմալականներու կողմէ վտարուած այս անձերու հոսքին եւ Թուրքիոյ հետ սահմանային լարուած վիճակին պատճառով, հոգատար իշխանութիւնները մտածեցին, գաղութագործել սուրիական Վերին Ճէզիրայի շրջանին, հոն բնակեցնելով քրիստոնեայ բնակչութիւն մը՝ ատակ գիւղատնտեսական աշխատանքի եւ կարող այս շրջանի բարեբեր հողերը շահագործելու: Որոշուեցաւ, ուրեմն,...

. կարդալ աւելին

Պուրճ Համուտի (Լիբանան) համայնապատկերը 1932 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Պուրճ Համուտը 1920-ականներուն, նախքան քաղաքային թաղամասերու կառուցումը ( Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):

Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին