Գիւղական բնակավայրերու կառուցումը նոյնպէս մաս կը կազմէր ծրագիրին. 1926-ին Նանսէնեան Գրասենեակը ձեռնարկեց հայ գաղթականներու համար գիւղատնտեսական գաղութներու ստեղծումին: Սկզբնական շրջանին երեսնեակ մը հողագործ ընտանիքներ տեղաւորուեցան հարաւային Լիբանան, գիւղատնտեսական Ռաս ըլ Այն կալուածին մէջ, որ սուլթան Ապտուլ Համիտին կը պատկանէր նախապէս եւ այժմ սեփականութիւնն էր Լիբանանի պետութեան: Այս առաջին փորձի ձախողութենէն ետք, Պիւրնիէն եւ իր խումբը ջանք թափեցին, 1927-էն սկսեալ, մի քանի հողատարածքնե գնելու, յատկապէս Ալեքսանտրէթի սանճաքին մէջ, ուր 1927-էն 1928-ի միջեւ հաստատեցին գիւղատնտեսական պզտիկ գաղութներ: 54
• Նոր Զէյթուն (Ալեքսանտրէթի սանճաք), նախկին անունով՝ Էքիզ Քէօփրիւ, կը գտնուէր Պիթիաս գիւղին մօտ (Մուսա Լեռ): Վեց հարիւր հեքթար մակերեսով այս հողակտորը գնուեցաւ 1927-ի Օգոստոսին 200 բ.ո.-ի: 1929-ին հարիւր վաթսուն գիւղացիներ, մեծամասնութեամբ զէյթունցի, այս գիւղին մէջ հաստատուած էին արդէն:
• Սօուկ Սու (Ալեքսանտրէթի սանճաք), Քէրէք-Խանէն 4 քմ. հեռու գտնուող ութ հարիւր հեքթար մակերեսով (8000 տէօնում) այս հողակտորը գնուեցաւ 1450 բ.ո.-ի: 1929-ին շուրջ երկու հարիւր հայեր, մեծամասնութեամբ տէօրթ եոլցի, հաստատուած էին հոն: ...
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին