Այն հանգամանքները, որոնք մղեցին Միութիւնը զբաղելու գաղթականներու վերջնական հաստատման այս ծրագիրով, արժանի են աչալուրջ քննութեան: Երբ, 1927-ի Յունուարին, Ազգային Լիկայի ներկայացուցիչները իրեն հարցում կ՚ուղղեն այս նախաձեռնութեան ամերիկահայերու նիւթական մասնակցութեան մասին, Լեւոն Փաշալեանը կը պատասխանէ, որ իր հայրենակիցները, «ինչպէս ամբողջ աշխարհի հայերը, կը մնան սերտօրէն կապուած Նանսէնեան ծրագիրին», որ կը նախատեսէր Խորհրդային Հայաստան փոխադրել գաղթականները եւ որբերը: Նուպարաշէնի կառուցումը մաս կը կազմէր նորվեկիացի մարդասէրի այս լայնածաւալ ծրագիրին, որուն տնտեսումը յանձն առած էր Միութիւնը: Փաշալեանը կ՚աւելցնէ. «Պէտք է լուրջ ճիգ թափել ապացուցելու համար, որ այս երկու ծրագիրները [Խորհրդային Հայաստանինը՝ մէկ կողմէ, Սուրիա-Լիբանանինը՝ միւս] հակադիր չեն կրնար ըլլալ, լրացուցիչ են իրարու»:43
Հարցերուն մօտենալու այս եղանակը կը բաժնէր նաեւ Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ յանձնառու եղաւ Սուրիա եւ Լիբանան վերջնական հաստատումի ծրագիրին՝ որոշելով, 1927-ի Մարտին, ...
Ալեքսանտրէթի սանճաքի մէջ երկրագործական գաղութներ, ուր կ'ապրէին հայ գաղթականներ` Սովուկ Սու (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ալեքսանտրէթի սանճաքի մէջ երկրագործական գաղութներ, ուր կ'ապրէին հայ գաղթականներ` Քիրիք Խան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ալեքսանտրէթի սանճաքի Նոր Զէյթուն նորակառոյց գիւղը հաստատուած հայ գաղթականներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին