Հայերու Սուրիա Եւ Լիբանան Հաստատուելու Ծրագիրին Առաջին Հանգրուանը
Ըստ Ծ. Գեւոնեանի, վերջնական հաստատումի ծրագիրը ֆրանսական հոգատար իշխանութիւններուն կողմէ առաջին անգամ լրջօրէն ուսումնասիրուեցաւ 1925-ին, երբ Սուրիա եւ Լիբանան Բարձր քոմիսէր էր զօրավար Սարայը. «Նպատակը մեծ քաղաքներու մօտակայքը տեղաւորելն էր գաղթականները, երկրագործական գաղութներու մէջ, որոնց ստեղծումը միաժամանակ պիտի նպաստէր որոշ շրջաններու արժեւորուելուն»:34 Սակայն շօշափելի ոչ մէկ քայլ առնուեցաւ մինչեւ 1926, երբ զուիցերիացի Ժորժ Պիւրնիէն՝ Միջազգային Կարմիր Խաչի կոմիտէին (ICRC) Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատուիրակը, փորձեց վերակենդանացնել ծրագիրը:35 Այն ատեն Բարձր քոմիսէրութիւնը դարձաւ անոր գլխաւոր զօրավիգը եւ նոյնիսկ 3000000 ֆրանք յատկացնել տուաւ լիբանանեան կառավարութեանը՝ իբրեւ սկզբնական գումար, առնուած օսմանեան պարտքին համար պահ դրուած անշարժ գումարներէն, ի նպաստ կառուցմանը Պէյրութի մէջ բնակելի թաղամասերու՝ քաղաքի գաղթակայաններուն մէջ ապրող հայերուն համար :36 ...
Նանսէնեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Ժորժ Պիւրնիէն (ձախին) եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ Բարձր քոմիսէր Հանրի Փոնսօն (աջին) (L’action de secours en faveur des refugies en Syrie», Փարիզ, 1929):
Հայ գաղթականներու համար առաջին բնակելի թաղամասերու կառուցումը Պէյրութի մէջ, 1920-ականներու վերջերը: Նկարին մէջ` Էշրէֆիէի բլուրին վրայի Ճերմակ տուները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Էշրէֆիէի Ճերմակ տուներու համայնապատկերը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Թիւ 603 հողամասը- այսպէս կը կոչուէր 1930-ականներու վերջաւորութեան շինուած քաղաքային թաղամասը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին