Դէպքը տեղի կ՚ունենայ Փարիզի մէջ, 1931-ի Յունիսին: Գալուստ Կիւլպէնկեանը, որ մի քանի ամիսէ ի վեր Միութեան նախագահն է, հրաւիրուած է Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն՝ հանդիպելու համար Հանրի Փօնսոյի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Բարձր քոմիսէրին եւ Նախարարութեան բարձրաստիճան աշխատակիցներուն հետ. հանդիպման նիւթը հայերու վերջնական տեղաւորումն է լիբանանեան եւ սուրիական հողերուն վրայ: Յունիս 24-ին Գ. Կիւլպէնկեանը ընդունելութիւն մը կը կազմակերպէ ի պատիւ Փօնսոյի՝ Իէնա պողոտային վրայ գտնուող իր ապարանքին մէջ, որուն հրաւիրուած են նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պատասխանատուներ: Յաջորդ օրերուն տեղի կ՚ունենան ուրիշ հանդիպումներ, որոնց կը մասնակցին այլ դերակատարներ հայերու ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող երկիրներու մէջ հաստատուելու ծրագիրին մէջ: Այսպէս. Միութեան նախագահը հանդիպում կ՚ունենայ Ազգերու Լիկայի Նանսէնեան գրասենեակի նախագահ Մաքս Հիւպերի հետ, ...
Հայկական Թաղամասերու Կառուցումը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ. Միութեան Մասնակցութիւնը Այս Գործին
Պէյրութի գաղթակայանի վիճակը 1925-ին, նախքան հայկական թաղամասերու կառուցումը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հալէպի հայ գաղթակայանը 1920-ականներուն (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):
Պէյրութի գաղթակայանը 1920-ականներուն (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):
Գալուստ Կիւլպէնկեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի դերը ի խնդիր Միջին Արեւելքի Հայոց կեանքի կազմակերպման (Տեսանիւթ)