ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 143

Այս գործողութիւնները համընթաց էին բազմաթիւ չափահաս որբերու Ֆրանսա մեկնումին հետ: Նանսէնեան Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Միութեան հետ գործակցաբար տասնհինգէն տասնինն տարեկան որբերու բազմաթիւ խումբեր 1931-ի եւ 1932-ի միջեւ ղրկուեցան Ֆրանսա: Այս որբերը, յատկապէս արեւմտեան Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ մէջ ընտրուած էին Ա. Քոթելնիքովի կողմէ՝ Նանսէնեան Գրասենեակի Յունաստանի ներկայացուցիչին կողմէ եւ Միութեան տեղական վարչութիւններուն կողմէ: Անոնք մեծամասամբ ՆԻՐ-ի որբանոցներու նախկին սաներ էին եւ ամերիկեան հաստատութիւններու փակումէն ետք, առժամեայ գործի առնուած էին իբրեւ երկրագործ Տրամայի, Քաւալայի, Սերեսի կամ Տէմիր Հիսարի մէջ: Աթէնք հաւաքուելէ ետք անոնք նաւով մեկնեցան դէպի Մարսիլիա, ուր յանձնուեցան Ներգաղթած Երեխաներու Պաշտպանութեան Կոմիտէին (ֆրանսական կազմակերպութիւն), որուն առաքելութիւնը այս տղաքը երկրագործական կամ տեղական արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու մէջ․ տեղաւորելն էր: Նշենք, որ 1920-ի սկիզբներէն ի վեր այս կազմակերպութիւնը Ֆրանսա բերած էր շուրջ հազար երկու հարիւր հայ որբեր:25 Գալով Յունաստանի գաղթականներու Սուրիա եւ Լիբանան տեղափոխութեան՝ պէտք է նշել, որ միայն մէկ խումբ՝ բաղկացած Սալոնիկէն եկած հայերէ, հասաւ Պէյրութ՝ 12 Յունուար 1932-ին:26 ... կարդալ աւելին

Յունաստան՝ Հիւրընկալ Երկիր Տասնեակ Հազարաւոր Հայերու Համար

Ֆրանսայի երկրագործական ձեռնարկութիւններուն մէջ աշխատանքի թեկնածու 15-էն 19 տարեկան հայերու ցանկ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Աթէնքի Նէա Սմիռնի թաղամասը 1938-ին: Անոր հայկական թաղամասի շինարարութեան ծախսերը մեծ մասամբ հոգացին ՀԲԸՄ-ը եւ Նանսէնեան Գրասենեակը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նէա Սմիռնիի շինարարութիւնը 1938-ին: Կիւլապի Կիւլպէնկեան հիմնադրամը պատկառելի նուիրատուութեամբ մասնակցեցաւ այս ծրագիրի իրագործումին: (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):