ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 142

Գաղթակայաններու Աստիճանական Վերացումը Եւ Միութեան Գործունէութիւնը

Բազմաթիւ հայ գաղթականներու համար Յունաստանը եղաւ տարանցիկ վայր մը՝ դէպի յատկապէս Ֆրանսա կամ Հարաւային Ամերիկա իրենց ճամբուն վրայ: Ինչպէս գիտենք, Պրազիլը կամ Արժանթինը դրական տրամադրուած էին հայերու իրենց երկիրին մէջ հաստատուելուն. պրազիլական կառավառութիւնը նոյնիսկ հրապարակային

յայտարարութեամբ մը հայ գաղթականները հրաւիրած էր Պրազիլ հաստատուելու: Նաեւ պէտք է նշել, որ դէպի Պրազիլ գաղթը դեռ 1922-ին սկսած էր Իզմիրի շրջանէն, նոյնիսկ նախքան չարաբաստիկ հրդեհը:18 Ուրիշ հայեր Յունաստանէն գացին Սուրիա եւ Լիբանան, ուր ազգականներ ունէին եւ ուր գաղթականներու կենցաղային պայմանները համեմատաբար աւելի լաւ էին: Արշակ Ալպոյաճեանը կը շեշտէ, որ օրական շուրջ տաս գաղթական կը մեկնէր դէպի Սուրիա եւ Լիբանան:19

Սակայն հայերու հոսքը Յունաստանէն հարաւային Ամերիկայի երկիրներ 1929-ին միայն սաստկացաւ, երբ Յունաստանի իշխանութիւնները որոշեցին աստիճանաբար վերացնել իրենց հողին վրայ ստեղծուած գաղթակայանները: Այս նախաձեռնութիւնը վնասակար էր յատկապէս հայ գաղթականներու զանգուածին համար, որուն մեծամասնութիւնը դեռ չունէր յունական հպատակութիւն, ինչ որ իր կացութիւնը Յունաստանի մէջ նուազագոյնը անկայուն կը դարձնէր: Այս տարիներուն Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը բազմաթիւ դիմումներ ստացաւ Յունաստանի հայ գաղթականներէն, որոնք Միութեան օգնութիւնը կը խնդրէին՝ հարաւային Ամերիկա կարենալ երթալու համար:20 Միութեան ռազմավարութիւնը սակայն խուսափիլ էր հայ գաղթականներու ցրումէն աշխարհի մէջ -այս ռազմավարութեամբ կարելի է բացատրել դիմումներու մեծ մասին անպատասխան մնալը- եւ այլընտրանքներ առաջարկել Յունաստանի գաղթականներուն.Խորհրդային Հայաստան փոխադրուիլ կամ յունական հողի վրայ մնայուն թաղամասերու մէջ հաստատուիլ: ...

կարդալ աւելին

Յունաստան՝ Հիւրընկալ Երկիր Տասնեակ Հազարաւոր Հայերու Համար

Համայնապատկեր Աթէնքի հայկական գաղթակայանի մը, 1930-ականներու սկիզբը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):