Իզմիրի հրդեհի եւ այդ շրջանի հայերու Յունաստան եւ այլուր գաղթի լուրը հազիւ հրապարակուած՝ Միութիւնը որոշեց ձեռնարկել ընդհանուր հանգանակութեան մը, որուն մասնակցեցան կազմակերպութեան բոլոր մասնաճիւղերը:9 Փարիզի մէջ ստեղծուեցաւ գումարներու բաշխումի յանձնախումբ մը, որուն անդամներն էին Երուանդ Աղաթօնը, Տիգրան Կամսարականը եւ Լեւոն Կիւմիւշկերտանը:10 Մեծ նուիրատուութիւններ եղան Միացեալ Նահանգներէն, Պելճիքայէն, Եթովպիայէն եւ Զուիցերիայէն, ապա փոխանցուեցան Յունաստան, բայց նաեւ Մարսիլիա, Թունիս եւ Պոլսոյ հայկական պատրիարքարան: 1923-ի Մարտին Միութիւնը այս հայ աղէտեալներուն տրամադրած էր արդէն մօտ 114000 ֆրանք:11 Ան շուտով ձեռնարկեց նաեւ գետինի վրայ օգնութեան գործողութիւններու: 1922-ի Դեկտեմբերին ան Աթէնք ղրկեց Միքայէլ Նաթանեանը, որուն առաքելութիւնն էր հայ գաղթականներուն օգնութիւնը համակարգել:12 Նաթանեանի հսկողութեան տակ, որ հոն մնաց մինչեւ Յուլիս 1923, Միութիւնը անմիջապէս Փանկրաթիի-Աթէնքի եւ Լիփասմա-Փիրէայի մէջ հիմնեց երկու ապաստանարան-դարմանատուներ, զորս վստահեցաւ բժիշկներ Արամ Ասլանեանին եւ Վ. Մարտիկեանին: Այս երկու հաստատութիւնները օրհնութիւն մը եղան զոյգ գաղթակայաններուն մէջ ապրող հազարաւոր հայերուն համար: Մինչեւ 1932՝ այս դարմանատուներու փակման թուականը, ...
Յունաստան՝ Հիւրընկալ Երկիր Տասնեակ Հազարաւոր Հայերու Համար