Կեանքը Գաղթակայաններուն Մէջ. Միութեան Առաջին Օգնութիւնները
Հայ գաղթականներու ամենամեծ կեդրոնացումը Աթէնքի մէջ էր եւ անոր շրջակայքին (Ֆիքս, Քոքինիա, Փիրէա, Ֆալէրօ, Լաւրիօն, Լիփասմա-Փիրէա, Փանկրաթի): Յոյն գաղթականներուն պէս, հայերու մեծ մասը այս քաղաքը հասնելէ ետք տեղաւորուեցաւ Աթէնքի իշխանութիւններուն կողմէ իրենց տրամադրուած կացարաններու մէջ: Միւս կողմէ, Ֆիքսի մէջ (նաեւ Տէրկութի կոչուող), հայ գաղթականները իրենք իրենց տուները շինեցին պետութեան կողմէ յատկացուած հողամասերու վրայ. շուրջ չորս հազար անձեր այսպիսով տեղաւորուեցան փայտեայ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: Բայց 1923-ին դեռ հազարաւոր գաղթականներ կային, որոնք կ՚ապրէին վրաններու տակ Ֆիքսի (շուրջ 1000), Փանկրաթիի (1200), Լիփասմայի (2000) եւ Քոքինիայի (800) մէջ: Փանկրաթիէն եւ Լիփասմայէն զատ, ուր հայ եւ յոյն գաղթականները համատեղ կ՚ապրէին, վերոյիշեալ միւս գաղթակայանները բաւական համասեռ հայկական բնակչութիւն ունէին:7 Միւս կողմէ պէտք է նշել, որ գաղթականներու այս զանգուածը մեծամասնութեամբ կիներէ, ծերերէ եւ երեխաներէ բաղկացած էր, որովհետեւ տղամարդիկը մեռած էին Ցեղասպանութեան ընթացքին, կամ պատանդ պահուած էին քեմալականներու կողմէ՝ յոյն-թրքական պատերազմին:
Ի տարբերութիւն կեդրոնական Յունաստանի եւ կղզիներու քաղաքներուն եւ աւաններուն մէջ հաստատուած հայ գաղթականներուն, ...
Յունաստան՝ Հիւրընկալ Երկիր Տասնեակ Հազարաւոր Հայերու Համար
Դպրոցասէր վարժարանի անձնակազմը եւ աշակերտութիւնը 1923-ի Օգոստոսին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):