Հայ Գաղթականներու Եւ Որբերու Կացութիւնը
Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն առաջ ունեցած սահմաններուն մէջ Յունաստանը աշխարհագրական տարածք մըն էր, ուր հայ բնակչութիւն գրեթէ չկար: Արդ, համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին, երբ տակաւին տեղի չէր ունեցած Իզմիրի աղէտը, յունական հողը սկսաւ ապաստանարան դառնալ բազմաթիւ հայերու: Նախ յունական զօրքը յաջողեցաւ կցել Թրակիան՝ նախապէս օսմանեան հող, որուն արեւմտեան մասը վերջնականապէս կցուած մնաց Յունաստանին: Արեւմտեան Թրակիոյ հայ համայնքը՝ բաղկացած շուրջ հազար հինգ հարիւր Եղեռնէն վերապրողներէ, անցաւ Աթէնքի իշխանութեան տակ: Միւս կողմէ 1920-էն ետք Կիլիկիոյ հայերը, վախնալով որ Ֆրանսան կրնայ քաշուիլ շրջանէն, եկան յունական քաղաքները հաստատուելու: Այս հոսքը դէպի Յունաստան աւելի եւս շեշտուեցաւ 1920 Հոկտեմբերի Անքարայի թուրք-ֆրանսական համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք, երբ ֆրանսական կառավարութիւնը որոշեց Կիլիկիան զիջիլ թուրքերուն: ...
Յունաստան՝ Հիւրընկալ Երկիր Տասնեակ Հազարաւոր Հայերու Համար