ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 138

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին, մինչ մեծ պետութիւնները իրենց մէջ կը բաժնէին պարտուած Oսմանեան կայսրութեան տարածքները, յունական բանակը գրաւեց Անատոլուի արեւմտեան ափերը՝ յատկապէս Իզմիրի շրջանը: Յունական կողմը այսպիսով կը ձգտէր իրականացնել իր ազգային տեսլականը, «Մեղալի իտէան», որ կը համապատսախանէր մեծ Յունաստանի՝ օսմանեան ընդարձակ շրջաններու ներառումով: Շուտով թուրքերը եւ յոյները պատերազմի սկսան իրարու դէմ. պատերազմը վերջացաւ 1922-ին, Յունաստանի ամբողջական պարտութեամբ:

Բայց, անկախաբար քաղաքական եւ զինուորական հետեւանքներէն, Անատոլիայի տարածքներու պարպումը յունական բանակին կողմէ մարդասիրական հսկայ աղէտի մը պատճառ եղաւ: Թուրք ազգայնական ուժերը, արդարեւ, ստիպեցին քրիստոնեայ բնակիչները՝ յոյն եւ հայ, լքելու իրենց սկզբնական բնակավայրերը եւ մեկնելու դէպի Յունաստան: Սպառնալիքները եւ ահաբեկման եղանակաները բազմազան էին: 1922-ի Սեպտեմբերին Զմիւռնիա քաղաքի քրիստոնեայ թաղամասերուն հրդեհումը յստակօրէն կ՚արտայայտէ իշխանութիւններու նպատակը՝ ի սպառ ջնջելու քրիստոնեայ տարրը նոր Թուրքիայէն, զոր Մուսթաֆա Քեմալը կը ջանար ստեղծել:

1922-ի Սեպտեմբերէն սկսեալ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ, մեծամասնութեամբ յոյն-ուղղափառ, խուժեցին Յունաստան, որ բաւարար միջոցներ չունէր գաղթականներու այսքան մեծ բազմութիւն մը հիւրընկալելու, անոր օգնելու եւ զայն կառավարելու համար: ...

կարդալ աւելին

Յունաստան՝ Հիւրընկալ Երկիր Տասնեակ Հազարաւոր Հայերու Համար

1922 Սեպտեմբերի Զմիւռնիոյ հրդեհը (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):

Քարափներուն վրայ խռնուած Զմիւռնիոյ բնակչութիւնը կը սպասէ նաւ բարձրանալու (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):