Թէեւ ամբողջութեամբ չձախողեցան ՀՕԿ-ի ճիգերը, բայց ձեռք ձգած արդիւնքները չհամապատասխանեցան խորհրդային պաշտօնակատարներու սպասումին: Ուժերու յարաբերութիւնը ակնկալուածին չափ դիւրին չշրջուեցաւ եւ խորհրդային վարչամեքենայի համակիրները չյաջողեցան ստեղծելու ամբողջութեամբ եւ անվերապահօրէն Երեւանին նուիրուած մարդասիրական կազմակերպութիւն մը: Այլ խօսքով՝ խորհրդային պատասխանատուները ստիպուած եղան շարունակելու իրենց գործակցութիւնը Միութեան հետ ՝ միաժամանակ յամառելով տարբեր ձեւերով ճնշում բանեցնել վերջինիս վրայ եւ անոր պարտադրել իրենց աշխատելաձեւերը:
Երկու ուրիշ դրուագներ լաւագոյնս կը լուսաբանեն մեզ Միութեան նկատմամբ խորհրդային ղեկավարներու իսկական զգացումներուն մասին: Առաջինը, երեւութապէս՝ երկրորդական, կը վերաբերի «Նուպարաշէն»-ը Միութեան հիմնադիրի անունով կոչելու մերժումին: Իրականութեան մէջ այս քայլը կը միտէր նախատելու Միութեան ղեկավարները, որոնք կ՚ուզէին այսպիսով յարգած ըլլալ իրենց հիմնադիրը, բայց մանաւանդ՝ ճնշումի տակ պահելու Միութիւնը: 1930-ի վերջաւորութեան ՀՕԿ-ի ներկայացուցիչ եւ Երեւանի կողմէ Նուպարաշէնի հարցերու լիազօր Սնարի խօսքերը սպառնալից են եւ հակադրանքի ձեւ ունին. հաստատելէ ետք, որ հայկական կառավարութիւնը պատրաստ է ․«ոչ մէկ երաշխիք պահանջելու գիւղի մը կառուցումին յատկացուելիք գումարին համար եւ կրկնապատկելու այս նպատակով Միութեան տուած գումարը՝ պայմանով, որ աւանի անունի ընտրութիւնը մնայ ապագայ բնակիչներուն»: Սնարը կը յիշեցնէ, որ «եթէ Միութիւնը շատ կը փափաքի պահել Նուպարաշէն անունը, պէտք է նկատի ունենայ աւանի կառուցման համար $ 500 000-ի երաշխաւորագին մը, որ պէտք է վճարուի երեք մասնավճարով […] մինչեւ 1 Նոյեմբեր 1931»:99...
Երեւանի մէջ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչ Հայկազ Գարակէօզեանը` Դարուհի Յակոբեան մայրանոցին դիմաց (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման