ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 128

Հաւատարիմ մնալով իր աւանդական աշխատելաոճին, Միութիւնը կը ձգտէր ինքնավար ձեւով իրականացնել իր շինարարական ծրագիրները Հայաստանի մէջ, այն պահուն երբ ՀՕԿ-ը բազմակողմանի ճնշումներ կը բանեցնէր կազմակերպութեան վրայ: Արդարեւ, 1926-ի սկիզբէն ՀՕԿ-ը նախաձեռնած էր համաշխարհային դրամահաւաքի արշաւի մը, որուն արդիւնքը եղող գումարները պիտի յատկացուէին, Հայաստան փոխադրուած հազարաւոր հայ գաղթականներուն համար բնակարաններ շինելու: Սփիւռքի գլխաւոր նուիրատուները Միութեան մօտիկ անձեր էին:

Միութեան ԱՄՆ-ի Վարչութիւնը՝ ամենահարուստ համարուածը, յայտարարեց նոյնիսկ, որ պատրաստ էր առանց պայմանի մասնակցելու այս արշաւին: Կեդրոնական Վարչութիւնը նոյնքան խանդավառ չէր անշուշտ: Պօղոս Նուպարի կարծիքով՝ ՀՕԿ-ի կեցուածքը «մեզ չի քաջալերեր այս ձեւով շարժելու»:90 Միութիւնը որոշեց, հետեւաբար, որ ԱՄՆ-ի մէջ կատարուող նոր դրամահաւաքի մուտքերը պիտի «կեդրոնանային մեր Նիւ Եորքի Վարչութեան դրամարկղին մէջ եւ գումարները Հայաստան պիտի փոխանցուէին Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ»: Այսպէս է որ մեկնարկուեցաւ Նուպարաշէնի ծրագիրը:91

ՀՕԿ-ի շարունակական հալածանքներուն դիմաց լուր մնալով հանդերձ՝ չվտանգելու համար հայաստանեան իր ծրագիրները՝ Միութիւնը կ՚ընկճուէր այս գործելաձեւէն: Մինչ Ամերիկայի Վարչութիւնը ոգի ի բռին, Նուպարաշէնի ի նպաստ հանգանակութեան արշաւին նուիրուած էր, Արշակ Գարակէօզեանը՝ վարչութեան այդ օրերու եւ Միութեան ապագայ նախագահը, Հոկտեմբեր 1927-ին, Փարիզի Կեդրոնական Վարչութեան հետ հանդիպումին ընթացքին արտայայտեց իր խորն դառնութիւնը ՀՕԿ-ի վարուելակերպէն ներշնչուած: Իր խօսքերը խորհրդային այս կազմակերպութեան եւ անոր ետին գործողներուն՝ Երեւանի վարչակարգին մասին, ծանրակշիռ են: ...

կարդալ աւելին

Արշակ Գարակէօզեան (1872-1963), Նուպարաշէնի ստեղծումին ի նպաստ հանգանակութեան արշաւի նախագահ, յետագային ՀԲԸՄ-ի նախագահ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հայկազ Գարակօզէեանի հազուագիւտ նկարներէն մեկը (աջին` գլխարկով եւ ձեռնափայտով). ան ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչն էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ 1928-էն ետք: Խորհրդային վարչամեքենային կողմէ գնդակահարուեցաւ 1937-ին: Իր ձախին` ՀՕԿ-ի նախագահ Գ. Վարդանեանը (գդակով եւ փողկապով), Նուպարաշէն, 1932 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման