ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 127

Միութեան Համար Դժուարին Պարտականութիւն Մը՝ Գործակցիլ Երեւանի Խորհրդային Վարչակարգին Հետ

Տասնհինգ տարիները, որոնց ընթացքին Միութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերաւ Խորհրդային Հայաստանի կառուցման, ցաւալի փորձառութիւն մը եղան իրեն համար: Ան բախեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ հազուադէպ կերպով վայելեց տեղական իշխանութիւններու գործակցութիւնը, որուն այնքան կարիք ունէր՝ բնակչութեան վիճակը բարելաւելու համար: Մշակութային, առողջապահական, մարդասիրական մարզերուն մէջ իր ամբողջական մասնակցութեան տարիները բեղուն գործունէութեան շրջան մը եղան սակայն իրեն համար՝ նկատառելի արդիւնքներով: Այս տարիներուն ընթացքին Միութիւնը մնաց պատնէշի վրայ եւ բազմաթիւ կարեւոր կտակներ, ինչպէս նաեւ իր հանգանակութիւններուն արդիւնքները կարելի եղաւ ներդնել հայաստանեան իր ծրագիրներու մէջ: Միութեան պատասխանատուները անկեղծօրէն կը հաւատային գետինի վրայ գործելու օգուտին եւ կարեւորութեան: ...

կարդալ աւելին

«Ընկեր Սթալինը եւ Լենինականի գործուածքեղէնի գործարանի բանուորուհի Էլեն Աբրահամեանը». խորհրդային քարոզչութեան լուսանկար (“URSS en construction», l’Armenie sovietique, n°2 Փետրուար, 1936):

ՀԲԸՄ-ի Երեւանի ներկայացուցչութեան պաշտօնաթուղթը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման