ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 126

Ի վերջոյ 1933-ի Յունիսին Կեդրոնական Վարչութիւնը յաջողեցաւ հաւաքել 5000 բ.ո., որ պատրաստ էր Երեւանի տրամադրութեան տակ դնելու, պայմանով, որ պաշտօնական երաշխիք ստանար թէ առնուազն 2500 գաղթականներ` Յունաստանէն եւ Սուրիայէն, Հայաստան փոխադրուած պիտի ըլլային վեց ամսուան ընթացքին:75 Երեւանը պատասխանեց, որ այս փոխադրութիւնը չէր կրնար տեղի ունենալ Ապրիլ 1934-էն առաջ. բաւարար չափով բնակարաններ այն ատեն միայն պատրաստ պիտի ըլլային:76 Միութիւնը վճարեց գումարին մէկ մասը, սակայն փոխադրութիւնը բազում անգամներ յետաձգուեցաւ: Իր ուսումնասիրութեան մէջ Էդուարդ Մելքոնեանը կը բացատրէ, որ այս շարունակական յետաձգումները քաղաքական, ընկերային եւ գաղափարաբանական ազդակներու հետեւանք էին: Նոր եկողները խորհրդային կեանքի պայմանները անտանելի կը գտնէին, յաճախ գործ եւ բնակարան կը փոխէին. արձանագրուած էին նոյնիսկ երկիրէն փախուստի դէպքեր, ինչ որ խորհրդային վարչակարգին համար անհանդուրժելի երեւոյթ էր: Է. Մելքոնեանը դիտել կու տայ այս առիթով, որ այս «հայրենադարձներու» հակազդեցութիւնը պաշտօնական Երեւանին երկիւղ կը պատճառէր, թէ այս ըմբոստ հոգեվիճակը կրնար տարածուիլ տեղական բնակչութեան մէջ. ասիկա պատճառ եղաւ, որ խորհրդային պատասխանատուները «յետաձգեն հայրենադարձի շարունակութիւնը եւ սահմանափակեն հայրենադարձներու թիւը»:77 Յաջորդ տարիներուն արդէն միայն մէկ հայրենադարձ տեղի ունեցաւ` 1801 գաղթականներու, որոնք Ֆրանսայէն մեկնեցան Հայաստան, 1936-ի Մայիսին: Միութիւնը ապահովեց անոնց փոխադրութիւնը մինչեւ Մարսիլիա եւ սնունդը` նաւով ճամբորդութեան ընթացքին, ընդամէնը 2000 բ.ո. արժէքով:78 Այս խումբէն 267 հոգի հաստատուեցաւ Նուպարաշէն:79 Այս գործողութեան ընթացքին է որ Միութիւնը կազմակերպեց Հայաստան վերադարձը Կոմիտաս Վարդապետի աճիւնին: ...

կարդալ աւելին

Դ. Շահվերտեան, կոմիսարներու խորհուրդին հայրենադարձութեան գործերու պատուիրակ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Ս. Տէր-Գաբրիէլեան. Խորհրդային Հայաստանի կոմիսարներու խորհուրդի նախագահ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման