ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 125

1927-ին կազմակերպուեցաւ գաղթականներու երկրորդ փոխադրութիւն մը, դարձեալ Միութեան նիւթական աջակցութեամբ. 11910 բ.ո., գլխաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մեջ հաւաքուած,65 յանձնուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչ Դանիէլ (Դանուշ) Շահվերտեանին` հայրենադարձի գործերով Կոմիսարներու Խորհուրդի պատուիրակին: Սկզբունքով այս գումարը սահմանուած էր Սուրիոյ գաղթականներուն` յատկապէս կիւրիւնցիներու, քէօրփեցիներու եւ հապուսեցիներու հայրենադարձին: Բայց, երբ արդէն աւարտած էին վարչական ձեւակերպութիւնները, ցանկերը պատրաստուած եւ գաղթականները պատրաստ` ճամբայ ելլելու, Դ. Շահվերտեանը կարճ պատգամ մը ղրկեց Միութեան` յայտնելով փոխադրութեան ջնջումը` առանց ուրիշ բացատրութեան:66

1927-ին ընդամէնը 1609 գաղթականներ` գլխաւորաբար Յունաստանէն եւ Պոլիսէն փոխադրուեցան Հայաստան:67 Հակառակ իր տնտեսական ողբալի կացութեան` Յունաստան ինք կը մասնակցէր գաղթականներու ճանապարհածախսին` արդէն հարիւր հազարաւոր գաղթական յոյներով խճողուած երկիրին շնչելու առիթ տալու նպատակով: 1930-ին, երբ Նանսէնի ծրագիրը թաղուած էր արդէն, Յունաստանի կառավարութիւնը Ազգերու Լիկայէն խնդրեց Հայաստան փոխադրել ...

կարդալ աւելին

նաւելք Փիրէայի մէջ 1932-ին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Ա. Կոտելնիկով` Յունաստանի մէջ Նանսէնեան գրասենեակի ներկայացուցիչ(Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

1933-ին Գառզուի պատրաստած որմնազդը, որ կը ծանուցէ գեղարուեստական երեկոյ մը ի նպաստ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթին մասին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման