Գաղթականներու Փոխադրութիւնը Խորհրդային Հայաստան Եւ Միութեան Նպաստը Այդ Ներգաղթին
Ինչպէս արդեն դիտել տուինք, 1923-ի Փետրուարին, Միքայէլ Պապաճանեանի հայ խորհրդային ղեկավարներու հետ տեսակցութիւններուն ընթացքին վերջիններս ընդունած էին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի հայ գաղթականներու Հայաստան փոխադրութեան սկզբունքը: Հայկական Ազգային Պատուիրակութեան դիմումին անսալով` Ազգերու Լիկան Սեպտեմբեր 1923-ին որոշեց յանձն առնել Յունաստանէն
50 000 հայ գաղթականներու տեղափոխումի ծրագիրին ծախսերը, ինչպէս նաեւ բարելաւումի ծախսերը Հայաստանի Սարդարապատի շրջանին, ուր պիտի տեղափոխուին նորեկները:55
Այս նպատակով 1925-ի գարնան Ազգերու Լիկան Երեւան ղրկեց փորձագէտներու խումբ մը` Լիկայի գաղթականներու բարձր քոմիսէր Ֆ. Նանսէնի ղեկավարութեամբ: Այս առաքելութեան աւարտին նորվեկիացի մարդասէրը գրեց տեղեկագիր մը, ...
Ֆ.Նանսէն, 1861-1930 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Տեսարան Երեւանէն, 1930 (Փարիզի ՀԲԸՄի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման