Կը թուի թէ 1925-ին մի քանի հազար հայ գաղթականներու` գլխաւորաբար Յունաստանէն, Հայաստան հաստատուիլը –այս մասին աւելի հանգամանօրէն կը խօսինք յետոյ- եւ նոր ներգաղթողներու հոսքի հեռանկարը, ծնունդ տուած են այս ծրագիրին: 1926-ին Ֆիլատելֆիա գումարած իր տասնչորրորդ տարեկան ընդհանուր ժողովին Միութեան Միացեալ Նահանգներու Վարչութիւնը որոշեց հանգանակութեան լայնածաւալ արշաւ մը կազմակերպել` հոգալու համար Հայաստանի մէջ ներգաղթողներու հաստատումի ծախսերը: Միացեալ Նահանգներու Վարչութիւնը կը նախատեսէր ստանձնել բարելաւումը շրջանի մը եւ հոն նոր եկողներուն համար աւանի մը կառուցումը: Այս ծրագիրը մշակուած էր Ֆ. Նանսէնի հետ սերտ համագործակցութեամբ, Ազգերու Լիկայի հովանիին տակ, եւ կը նախատեսէր հսկայ տարածութիւններ ոռոգել, ե՛ւ Մերձաւոր Արեւելքէն, ե՛ւ Յունաստանէն 50000 հոգիի Հայաստան ներգաղթը հնարաւոր դարձնել: Ի վերջոյ, ...
Երեւանի մէջ «Բարեգործականի Տունը», ուր պիտի ապրէին դասախօսներ եւ
մտաւորականներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման