22 Հոկտեմբեր 1926-ի Լենինականի երկրաշարժը մարդկային եւ նիւթական անհաշուելի կորուստներ պատճառեց, զօրակոչի ենթարկեց նաեւ Միութիւնը, որ փորձեց օգնութիւն հասցնել աղէտեալներուն: Ակիզբը Կեդրոնական Վարչութիւնը 2000 բ.ո. տրամադրեց Երեւանին առաջին օգնութիւններուն համար, ապա Միութեան բոլոր մասնաճիղերը մասնակցեցան այս առիթով կազմակերպուած համահայկական հանգանակութեան մը: Միացեալ Նահանգներուն մէջ, օրինակ, տեղական վարչութիւնները յաջողեցան տասնեակ հազարաւոր տոլարներ հաւաքել, մինչ Եւրոպայի վարչութիւնները կը հաւաքէին 16214 բ.ո.:42 ...
Օսմանեան կայսրութենէն քշուած հայ գաղթականներ` Նուպարաշէն հաստատուած(Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ)::
Նուպարաշէնի կառուցումը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ա. Թամանեանի պատրաստած Նուպարաշէնի յատակագիծը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Նուպարաշէնի Հապուսիէ թաղը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման