ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 121

Խորհրդային պատասխանատուներուն հետ իրենց խօսակցութիւններուն ընթացքին Լ. Փաշալեանը եւ Ասատուրը երկար կը քննարկեն այս ծրագիրները: Ի վերջոյ համաձայնագիր մը կը ստորագրուի Փարիզի մէջ 10 Յունուար 1925-ին, Միութեան եւ գիւղատնտեսութեան ժողովրդական կոմիսար Արամայիս Երզնկեանի միջեւ, Մէօթմէտեան եւ Դարուհի Յակոբեան կտակներուն մասին: Առաջինի իրականացումին համար կ'ընտրուի Էւճիլար (այժմու Արազափ, Էջմիածինի մօտ) գիւղը` հիւրընկալելու համար Հայաստան հաստատուած Թոքաթցի հայերը: Այս կտակի տարեկան եկամուտները հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէր նաեւ նուիրատուին անունը կրող դպրոց մը շինելու գիւղին մէջ:28 Փիլիպպոսեան, Ոստանիկ Մաթոսեան (Եգիպտոսի մէջ ծխախոտի գործարանի տէր) եւ Տիգրան Չամքերթըն Թոքաթցի ընտանիքներուն կողմէ կատարուած այլ նուիրատուութիւններ` 3287 բ.ո. ընդհանուր գումարով, առիթ կու տան սկսելու Նոր Եւդոկիայի շինութեան 1928-ի սկիզբը: Բայց շուտով յայտնի կ'ըլլայ որ ընտրուած վայրը` ճահիճներու մօտիկ, անյարմար է, կլիման` անտանելի, իսկ հողերը մշակութեան ոչ-պիտանի: Միութեան դիմումին անսալով` խորհրդային իշխանութիւնները գիւղացիները կը տեղաւորեն ուրիշ տեղ` Վաղարշապատի մօտ:29

Ինչ կը վերաբերի Դարուհի Յակոբեան կտակին, Միութիւնը կ’ընդունի տրամադրելի միջոցները յատկացնել հիմնելու համար մայրանոց մը եւ մանկաբարձներու դպրոց մը` արհեստից վարժարանի մը փոխարէն: 7110 բ.ո. կը յատկացուի Դարուհի Յակոբեան կեդրոնի շինութեան համար:30 ...

կարդալ աւելին

Տիգրան Չամքերթըն (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման