ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 120

Միութեան Մեծ Ծրագիրները Խորհրդային Հայաստանի Մէջ

Միութեան ինքնավար գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, սակայն, հեշտ ու հեզասահ չէր: 1921 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ հիմնուած ՀՕԿ-ի առաքելութիւնը հայկական սփիւռքի մէջ մասնաճիւղեր հիմնելն էր եւ ի նպաստ Խորհրդային Հայաստանի վերաշինութեան դրամահաւաքի լայնածաւալ արշաւի մը ձեռնարկելը: Բայց ՀՕԿ-ը սովորական մարդասիրական կազմակերպութիւն չէր, այլ խորհրդային ազդեցութեան գործօն ազդակ մը հայ համայնքներէն ներս: Գետինի վրայ իր գործունէութիւնը` թելադրուած Երեւանի խորհրդային ղեկավարներուն կողմէ, բացայայտ քաղաքական տարազ ունէր: Ան կ’օգտուէր հզօր ցանցերէ` Խորհրդային Հայաստանի եւ անոր վարչակարգին հանդէպ «ուղղափառ» կեցուածք չընդունող բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները վարկաբեկելու համար. եւ մանաւանդ, Հայաստանի հետ յարաբերութիւն ունենալու մենաշնորհը իրեն կը վերապահէր: Այլ խօսքով` Միութեան գործունէութեան կախեալ չըլլալը իրմէ նախադէպ մը կը ստեղծէր, որ ոմանք դժուար կը տանէին: ...

կարդալ աւելին

Վիրժինի Աւետ Սարգիս (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Լեւոն Պէյ Յակոբեան (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նոր Եւդոկիայի կառուցումը Խորհրդային Հայաստանի մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նոր Եւդոկիայի կառուցումը Խորհրդային Հայաստանի մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման