ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 119

Միութեան պատասխանատուները շատ կարեւորութիւն չեն ընծայեր Ասլանեանի տեղեկագիրին, մանաւանդ որ նոյն ժամանակ Եսայի Կարիկեանը, Միութեան մէկ ուրիշ անդամը, կը վերադառնայ Երեւան կարճատեւ այցելութենէ մը, մասնակցելէ ետք, 1923-ի Հոկտեմբերին, Հայ Օգնութեան Կոմիտէի ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին խորհրդային պատասխանատուները կը հաստատեն իրենց համաձայնութիւնը որբերու Հայաստան տեղաւորումին մասին:15 Կը թուի թէ Կարիկեանի գերազանցապէս դրական տպաւորութիւնները վերջնական կերպով համոզած են Միութեան ղեկավարները, թէ որբերու խնդիրին շուրջ խորհրդայիններուն հետ գործակցութիւն մը կարելի է: Մանաւանդ որ Ե. Կարիկեանը ձեռք ձգած է, խորհրդային ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին, Եղուարդի եւ Տալմայի մէջ 10 000 դեսիատին16 մակերեսով հողերու նուիրաբերումը Միութեան, հետեւեալ պայմաններով.

1) Նոր ջրանցքներով ոռոգել այս 10 000 դեսիատին հողը։

2) Ոռոգելէ ետք հայկական կառավարութեան վերադարձնել հողերուն

կէսը, այն է 5000 դեսիատին։

3) Կառուցել շնորհուած հողերուն վրայ բնակութեան վայրեր եւ երկիրին

մէջ սպառել ամբողջ գիւղատնտեսական բերքը։

4) Հողերը կը տրամադրուին տաս տարիով. այս ժամանակի

վերջաւորութեան, որբերուն չտրամադրուած հողերը ետ կը վերցուին

հայկական կառավարութեան կողմէ։

5) Այս ժամկէտէն ետք պետութիւնը բաւարար չափով հողեր պիտի

տրամադրէ, որպէսզի վերջիններուս բերքը հոգայ որբանոցի կամ ...

կարդալ աւելին

Լեւոն Փաշալեան (1863-1943), գրող. ան մաս կը կազմէր ՀԲԸՄ-ի կողմէ 1924-ին Երեւան ղրկուած առաքելութեան: Յետագային նախագահն էր Հայ Գաղթականներու Վարչութեան եւ դարձաւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչը Ազգերու Լիկային մէջ (Ժընեւ) (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման