ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 118

Խօսք կ'ըլլայ նաեւ Միութեան հաստատութիւններուն մէջ պատսպարուած երեխաները մինչեւ տասնչորս տարեկան պահելու, եւ անկէ ետք զանոնք երկու տարիով ղրկելու դպրոց-ագարակ մը կամ գիւղատնտեսական գաղութ մը, որ կը նախատեսուի հիմնել Հայաստանի մէջ:10 Միութեան որոշ պատասխանատուներ կը մտածեննոյնիսկ որ, նախատեսուող գիւղատնտեսական հաստատութեան մէջ կազմաւորուելէ ետք, որբերը կրնան սեփականատէր դառնալ եւ իրենց հաշուին մշակել հողը:11 Այնպէս կ’երեւի, որ ճիշդ չեն գնահատած անոնք օրուան խորհրդային իրականութիւնը: Միութիւնը ինքզինք պատրաստ չի սեպեր, սակայն, ներդրում ընելու մեծ ծրագիրներու մէջ, ինչպիսիք են անմշակ հողերու չորացումը եւ ոռոգումը: Յամենայնդէպս Պապաճանեանի տեղեկագիրին հետեւանքով է որ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը թելադրէ Տիգրան Ասլանեանին, որ դեռ իր առաքելութիւնը չէր աւարտած ...

կարդալ աւելին

Օսմանեան կայսրութեան հայերուն համար ազգային օճախի մը յոյսերուն մարելէն ետք, Միութեան ղեկավարները 1923–ի Փետրուարի վերջին Պապաճանեանի բերած Հայաստանի հետ մարդասիրական համագործակցութեան առաջարկները կ'ընդունին որպէս հաւաստի այլընտրանք` Յունաստանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի հայկական թէ ամերիկեան հաստատութիւններուն մէջ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր որբերուն համար:

Պապաճանեանի Փարիզ վերադարձէն անմիջապէս ետք, Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը քննէ խորհրդային պատասխանատուներու առաջարկները: Միութիւնը յատկապէս կը գնահատէ որբերը գիւղատնտեսութեան մէջ ներգրաւելու սկզբունքը` տրուած ըլլալով որ ինքն ալ կը մտածէր այս նոյն որբերուն համար դպրոց-ագարակ մը հիմնելու մասին:

Լուսանկարը` Մելիք Ակամալեանի, 1926 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման