ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 117

Նոյն շրջանին, եւ հակառակ Անդրկովկասի երկիրներու խորհրդայնացումին, ՆԻՐ-ը տակաւին 20 000 որբ կը պահէ Հայաստանի մէջ, մեծամասնութեամբ խմբուած Ալեքսանդրապոլ: Պրիթիշ Ռիլիֆն6 ալ առնչուած է Կովկասի մարդասիրական օգնութեան գործին: Ան հագուստ եւ սննդամթերք կը բաժնէ Ղամարլուի 9000 գաղթականներուն, Արաքսի հովիտին մէջ, որբանոցի մը ծախսերը կը հոգայ Երեւանի մէջ, եւ Վրաստան ու Պաքու ապրող շուրջ 5000 երեխաներու սննդամթերք կը բաժնէ: Ամերիկեան եւ բրիտանական այս կազմակերպութիւններուն շնորհիւ է, որ Միութիւնը Հայաստան կը ղրկէ մեծ քանակութեամբ դեղօրայք, հագուստներ, եւ այլն:

Ամենակարեւոր հանդիպումները տեղի կ’ունենան Մոսկուայի մէջ, ուր կը ժամանէ, 1 Դեկտեմբեր 1922-ին, Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Միքայէլ Պապաճանեանը: Ռուսական Տումայի նախկին երեսփոխան եւ խորհրդայիններու իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր Փարիզ հաստատուած այս կովկասահայուն ճամբորդութիւնը սկիզբը քաղաքական բնոյթ ունի: 21 Նոյեմբերէն ի վեր արեւմտեան պետութիւնները եւ Թուրքիան Լոզան են, վեհաժողովի մէջ, որմէ հայերը տակաւին կը յուսան որոշում մը`ի նպաստ հայկական ազգային օճախի մը ստեղծումին: Պապաճանեանը եկած է որպէս Հայկական ...

կարդալ աւելին

Միքայէլ Պապաճանեան (-1929) ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ռուսական Դումայի նախկին երեսփոխան: Իր շնորհիւ հաստատուեցան առաջին կապերը ՀԲԸՄ-ի եւ Հայաստանի խորհրդային վարչամեքենային միջեւ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Լուկաշին (Սարգիս Սրապիոնեան), 1883-1937, Խորհրդային Հայաստանի կոմիսարներու խորհուրդի նախագահ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Նիր Իսթ Ռիլիֆի որբերը Ալեքսանդրապոլի մէջ 1920-ականներու սկիզբը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման