ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 116

Միութեան Եւ Խորհրդային Հայաստանի Յարաբերութիւններուն Ծննդոցը. Որբերու Հարցը

1923-ին, արեւմտեան Անատոլուի ճակատին վրայ յունական բանակները պարտութեան մատնելէ ետք, Մուսթաֆա Քեմալը դարձաւ Անատոլուի տէրը: Թրքական զինուորական յաջողութիւնները հող կը պատրաստէին Լոզանի վեհաժողովին, որ ճանչցաւ թրքական հանրապետութիւնը Քեմալի գծած սահմաններով: Հայերուն համար նոր Թուրքիոյ տարածքին վրայ հայկական օճախի մը ստեղծման բոլոր յոյսերը յօդս ցնդեցան: Կիլիկիան եւ Իզմիրը, երկու շրջաններ, ուր յետ-պատերազմեան շրջանին բազմաթիւ փրկուած հայեր կեդրոնացած էին, ամբողջութեամբ պարպուեցան իրենց քրիստոնեայ բնակչութենէն եւ անցան քեմալական իշխանութեան տակ: Պոլիսը կը մնար միակ վայրը, ուր հայկական խիտ բնակչութիւն մը կ'ապրէր տակաւին, Թուրքիոյ նոր տէրերու անզիջող իշխանութեան տակ: Աշխարհա-քաղաքական կացութեան այս հոլովոյթը անշուշտ մտահոգեց Միութեան ղեկավարները: Արդարեւ, անոնք պատասխանատու դարձան ոչ միայն Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի հազարաւոր որբերուն, այլեւ Յունաստան ապաստանած տասնեակ հազարաւոր գաղթականներուն: Ճիշդ է, Միութիւնը այս դաշտին մէջ գործող միակ կազմակերպութիւնը չէր, բայց եւ այնպէս ինքզինքը կը համարէր այս արմատախիլ եղած հայերու ճակատագիրի առաջին պատասխանատուն: Իր մտահոգութեան առարկան որբերու կրթութիւնը եւ ընկերային համարկումը չէր միայն, այլ նաեւ անոնց ապագայ շրջապատը. իսկ բնակավայրերը` յունական, սուրիական, լիբանանեան եւ պաղեստինեան հողի վրայ, կը գտնուէին օտար միջավայրի մէջ, եւ որբերը դատապարտուած էին ուշ կամ կանուխ կորսնցնելու իրենց ազգային ինքնութիւնը: ...

կարդալ աւելին

Սովը կեանքեր կը հնձէր Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Ողբերգական տեսարան Երեւանի փողոցներուն մէջ, 1922 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Արշակ Սաֆրաստեան (1885-1958). Բաղէշի մէջ նախկին բրիտանական հիւպատոս, Հայ Ազգային Պատուիրակութեան քարտուղար, 1921-ի Դեկտեմբերին Հայաստան ղրկուած բարեսիրական առաքելութեան անդամ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման