Խորհրդային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մշակումը Միութեան պատմութեան ամէնէն փոթորկալից եւ ամէնէն խանդավառիչ էջերէն մէկն է: Խորհրդային վարչակարգին հետ յարաբերութեան այս առաջին փուլը տեւեց շուրջ տասնհինգ տարի` 1922-էն 1937: Այս ընթացքին Միութիւնը լաւատես էր եւ շինարարական լայնածաւալ ծրագիրներ կը մշակէր` յուսալով այս ձեւով տեղաւորել Հայաստանի մէջ տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ եւ որբեր: Միութեան բոլոր ցանցերը զօրակոչի ենթարկուեցան եւ իրենց միջոցներուն կարեւոր մասը կեդրոնացուցին հայկական հողի վրայ գիւղերու եւ հասարակական ենթակառոյցներու շինութեան վրայ:
Երկար ժամանակ, Միութեան պատասխանատուները համոզուած էին, որ խորհրդային ղեկավարները ունին հայրենասիրական զգացումներ եւ հայրենիքի զարգացումին համար գործելու կամք: Այլ խօսքով` կը հաւատային, թէ գործակցութեան ռազմավարութիւնը կրնայ նոր հեռանկարներ բանալ Սուրիոյ, Լիբանանի կամ Յունաստանի գաղթակայաններուն մէջ ապրող հազարաւոր հայերուն առջեւ: Խոր եղաւ պատրանաթափումը, երբ 1930-ական թուականներուն սկիզբը համայնավար պատասխանատուները յանկարծ նուազ գործակցող դարձան եւ չվարանեցան բացէ ի բաց քննադատելու Միութիւնը: Շարունակութիւնը նուազ զարմանալի է. սթալինեան ահաբեկչութեան ընթացքին, խորհրդայինները 1937-ին վերջնականապէս խզեցին իրենց կապերը Միութեան հետ` կտրուկ կերպով ընդհատելով շինարարական եւ ...
Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման
Հաւանաբար ՀԲԸՄ-ի անդամները այսպէս կը պատկերացնէին ապագայ Նուպարաշէնը, որուն կառուցումը Միութեան գլխաւոր գործն էր Հայաստանի մէջ:
«Վաղուան Նուպարաշէնը». 1927-ի փորաքրանկար, որ կը գործածուէր դրամահաւաքի նպատակով (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի Մարդասիրական Ռազմավարութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը - Հայու Ճակատագիր (Տեսանիւթ)