Մեծ Տակնուվրայութիւններ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Հրաժարականը Եւ Միութեան Արգիլումը Խորհրդային Հայաստանի Մէջ
Գալուստ Կիւլպէնկեանի Միութեան նախագահ դառնալէն ետք, 1930-ին, Միութեան Հայաստանի հանդէպ ունեցած կեցուածքին մէջ յստակ բեկում կը նկատուի: Նկատելի է, որ նոր նախագահը, շարունակելով հանդերձ իր գործակցութիւնը Երեւանի հետ արդէն ընթացքի մէջ եղող ծրագիրներուն մէջ, մտադիր է Միութեան նիւթական միջոցներու ամենակարեւոր մասը տրամադրել Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի մէջ հայկական թաղամասերու կառուցումին: Գ. Կիւլպէնկեանը ըստ երեւոյթին կը փափաքէր, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղթականներու վիճակի բարելաւումը եւ անոնց վերջնական տեղաւորումը հիւրընկալ այս երկիրներուն մէջ, Միութեան առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկը ըլլար: Աննշան դրուագ մը կը ցուցնէ Փարիզի Կեդրոնական Վարչութեան կեցուածքի հոլովոյթը: Դեկտեմբեր 1930-ին -անկախաբար Պօղոս Նուպարի զաւակներուն կողմէ Երեւանի «Բարեգործականի տան» համար կատարուած նուիրատուութենէն, ննջեցեալ նախագահի աւագ որդին՝ Զարեհը, 3000 բ.ո.-ի փոխատուութիւն մը կատարած էր ամբողջացնելու համար ծրագիրի տնտեսումը: Կեդրոնական Վարչութեան մէկ նիստին Կիւլպէնկեանը դիտել տուաւ Զարեհին, որ խորհրդային համակարգը չէր երաշխաւորեր փոխառութեան վերադարձը եւ առաջարկեց այդ գումարը օգտագործել Սուրիոյ մէջ բնակարաններու շինութեան. ասոնց տէրերը պարտաւորուած պիտի ըլլային ճշդուած ժամկէտի մը մէջ վերադարձնելու փոխառութիւնը:105 ...
Աջին՝ Խորհրդային Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Աղասի Խանջեանը. ձախին՝ խոմիսարներու խորհուրդի նախագահ Ա. Գուլոյեանը։
Նուպարաշէնի կառատունը. շատ հաւանական է որ Երեւանի պատուէրով ՀԲԸՄ-ի կողմէ ղրկուած երեք Ֆորտ քապրիոլեթները երբեք հոն մուտք չգործեցին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ ):
Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման