Ներածութիւն
Երեւանը Հայաստանի տասներեքերորդ եւ ներկայ մայրաքաղաքն է: 1918-ին հռչակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը։ Եղած է ամենամեծ քաղաքը, վարչական, մշակութային եւ արդիւնաբերական կեդրոնը: Երեւանը կը գտնուի Արարատեան դաշտավայրի եզերքը (Արարատ լեռը կարելի է տեսնել քաղաքի տարբեր կողմերէն), Հրազդան գետի գեղատեսիլ կիրճի երկու կողմերը, ծովու մակերեսէն 900-1300 մեթր (2593-4265 ոտք ) բարձրութեան վրայ: Քաղաքի հիւսիսային հատուածը համեմատաբար աւելի բարձր է եւ
շրջապատուած է լեռներով, այնինչ, հարաւային կողմը, մինչեւ Հրազդան գետի ափերը, աւելի ցած է։ Ունի վարչական սահմաններ Արագածոտն, Արարատ, Արմաւիր եւ Կոտայք մարզերու հետ, որոնք հանրապետութեան վարչական միաւորներն են: Երեւանը Հայաստանի վարչական բաժանումի համակարգի մէջ յատուկ կարգավիճակ ունի եւ որեւէ մարզի մաս չի կազմեր: Քաղաքը բաղկացած է 12 մեծ թաղամասերէ (համայնքէ)։ 2011–ի մարդահամարի տուեալներու համաձայն Երեւանի բնակչութիւնը կը կազմէ 1,060,138 մարդ, այսինքն ամբողջ Հայաստանի ընդհանուր բնակչութեան աւելի քան 35%-ը: 2012-ին, ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ճանչցուած է Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք:
Կլիման ցամաքային է. ամառը՝ տաք եւ չոր, իսկ ձմեռը՝ ցուրտ եւ ձիւնառատ։ Ամբողջ տարուայ ընթացքին Երեւանը մօտաւորապէս 290 արեւոտ օր ունի:
Երեւանը Եւ Արարատ Լեռը
(cc) Սէրուժ Ուրիշեան
Բարի Գալուստ Երեւան
(Տեսանիւթ)