Երեւանի Զինանշանը
Երեւանի զինանշանը պատուանդանի վրայ կանգնած թեւաւոր առիւծ մըն է, ձեռքին՝ մական, որ կը խորհրդանշէ իշխանութիւնը։ Գլուխին վրայ թագ մը կայ, մէջտեղը բարձրացող Կենաց Ծառը։ Առիւծի կուրծքին՝ յաւերժութեան նշանի վրայ, Արարատ լեռան պատկերն է: Կապոյտ մակերեսին, հայերէն պրոնզագոյն գլխագիրերով, մակագրուած է՝ «ԵՐԵՒԱՆ: Երեւանի զինանշանի հեղինակն է Ալպերդ Սոխիկեանը:
Երեւանի Դրօշակը
Դրօշակը ուղղանկիւնաձեւ է, ճերմակ մակերեսով, որ կը խորհրդանշէ մաքրութիւն եւ պարզութիւն: Դրօշակի կեդրոնը Երեւանի զինանշանն է՝ շրջապատուած կարմիր 12 եռանկիւններով, որոնք կը խորհրդանշեն Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները: Զինանշանի մէջ օգտագործուած են
Հայաստանի դրօշակի գոյները, շեշտելու համար Երեւանի արժէքը՝ իբրեւ մայրաքաղաք: Երեւանի դրօշակը ձեւաւորողներն են Կարապետ Աբրահամեանը եւ Կարապետ Փաշեանը:
Երեւանի Օրհներգը՝ «Էրեբունի-Երեւան»
Կատարողութեամբ՝ «Գոհար» Համոյթի (Տեսանիւթ)
Խօսք՝ Պարոյր Սեւակ
Երաժշտութիւն՝ Էտկար Յովհաննիսեան
Ներածութիւն