ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 8

1.1 Ներածութիւն 8

1.2 Ուրարտական (Արարատեան)

Ժամանակաշրջան 11

1.3 Հայկական Թագաւորական

Ընտանիքներու Ժամանակաշրջան 13

1.4 Պարսկական Ժամանակաշրջան 15

1.5 Ռուսական Ժամանակաշրջան 16

1.6 Առաջին Հանրապետութեան

Ժամանակաշրջան 17

1.7 Խորհրդային Շրջան

(Երկրորդ Հանրապետութիւն) 18

1.8 Երրորդ Հանրապետութեան

Ժամանակաշրջան 20

1.9 Հայաստանի Պատմական

Մայրաքաղաքները 21

1.10 Երեւանի Պատմութեան

Ժամանակացոյցը 22

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է: Հիմնադրուած է Ք.Ա. 782-ին։ Պատմութեան մէջ յիշատակուած է ուրարտական ժամանակաշրջանէն: Երեւանը, հայկական բարձրաւանդակի վրայ իր գրաւած աշխարհագրական դիրքի պատճառով, գտնուած է տարբեր քաղաքակրթութիւններու բախման կեդրոնը։ Ենթարկուած է բազմաթիւ նուաճումներու՝ արաբներու, սելջուքներու, մոնկոլներու, թուրքերու, պարսիկներու եւ ռուսերու կողմէ: Նաեւ, եղած է ականատես կործանարար երկրաշարժներու եւ այլ բնական աղէտներու: Յաճախ, քաղաքը աւերուած եւ վերականգնած է, բայց, իր հիմնադրութեան օրէն, միշտ բնակեցուած է։ Այսօր, Երեւանը, իբրեւ օրէ օր զարգացող ժամանակակից քաղաք, կը դիմաւորէ իր այցելուները, պահպանելով հնագոյն պատմութեան աւանդոյթները: