Ելեկտրոնային Ուղեցոյցի Մասին
Մաս 4 - Այս մասը կը կոչուի ‹‹Արշաւներ Երեւանի Եւ Շրջակայ Տարածքի Մէջ››: Այս բաժինը բնութեան եւ արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներու համար է: Կ՚ընդգրկէ արշաւներ դէպի Արագած լեռ, Արա լեռ, Խոսրովի պետական արգելոց եւ Հատիս լեռ (Շամիրամի լեռ)։ Կը հաղորդէ տեղեկութիւններ բնութեան, կլիմայի, բարձրութեան եւ աշխարհագրական այլ մանրամասնութիւններու մասին։ Այս բոլորը կ՚օգնեն արշաւներու նախապատրաստուելու համար։
Մաս 5 - ‹‹Համառօտ Ուղեցոյց Երեւանի Մասին›› բաժինը, ուղեցոյցէն օգտուելու դիւրին միջոց կը տրամադրէ։ Համառօտ տեղեկութիւն կու տայ ելեկտրոնային ուղեցոյցի մէջ նշուած մշակութային, ժամանցային եւ այլ կեդրոններու մասին: Որոնման քարտէզի միջոցով այցելուները կրնան գտնել անհրաժեշտ վայրը` ըստ անունին եւ դասակարգումին:
Մաս 6 - Այս մասը օգտակար արտայայտութիւններու բառարան է: Կ՚ընդգրկէ զբօսաշրջութեան մէջ կիրառուող գործածական բառերն ու խօսակցական արտայայտութիւնները:
Օգտագործողը առիթ կ՚ունենայ նաեւ լսելու իւրաքանչիւր բառի եւ
նախադասութեան արտասանութիւնը։
Գիրքի բովանդակութիւնը մշակուած է հասարակութեան հասանելի
պատմական գրականութեան, ակադեմական եւ մասնագիտական
ամսագիրներու, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական եւ կրթական
աղբիւրներու ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ: Շատ
անհատներ եւ կազմակերպութիւններ զգալիօրէն աջակցած են
ելեկտրոնային ուղեցոյցի պատրաստման աշխատանքներուն:
Օգտագործուած գրականութեան ցանկը, շնորհակալական խօսքը
եւ հեղինակային իրաւունքի մասին տեղեկութիւնները կը գտնէք
7-րդ մասի մէջ:
Հրատարակող հաստատութիւնը կը մաղթէ, որ այս ներգործօն
ելեկտրոնային ուղեցոյցը, իր տրամադրած տեղեկութիւններով եւ
խորհուրդներով նպաստէ, որ շրջագայութիւնը, աշխարհի հնագոյն
քաղաքներէն՝Երեւանի մէջ, առաւել յիշարժան եւ օգտաւէտ ըլլայ։
Ալեքսանդր Թամանեանի Կազմած Երեւանի Գլխաւոր Յատակագիծը
Հեղինակային իրաւունք՝ Հրանդ Գասպարեան