ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Seite 6

Ելեկտրոնային Ուղեցոյցի Մասին

Ելեկտրոնային Ուղեցոյցի Մասին

‹‹Բացայայտենք Երեւանը›› ճամբորդական ներգործօն (interactive) ուղեցոյցը (ելեկտրոնային ուղեցոյց), կ՚օգնէ այցելուները, որպէսզի հաճելի եւ արդիւնաւէտ ժամանակ անցընեն Երեւանի եւ շրջակայքի մէջ: Ելեկտրոնային ուղեցոյցը համապարփակ է եւ կ՚առաջարկէ բազմազան ծրագիրներ՝ ամէնօրեայ այցելութիւններու եւ ընկերային- մշակութային տօնական միջոցառումներու մասին։ Քաղաքը եւ յարակից տարածքները պատկերաւոր կը ներկայացնեն ուղեցոյցի մէջ տեղադրուած տեսանիւթերը, առցանց այցելութիւնները, նկարները, 3D եւ համատեսական

(panoramic) պատկերները, քաղաքի մասին հետաքրքրական պատմութիւնները, ներգործօն (interactive) քարտէզները եւ այլն: Ելեկտրոնային ուղեցոյցը հարուստ է պատմական, հասարակական եւ ազգագրական յատուկ տեղեկութիւններով։ Ելեկտրոնային ուղեցոյցը բացառիկ առիթ է, նաեւ, պարզապէս տեղեկութիւններ քաղելու եւ մտովի զբօսնելու համար։

Մաս 1-ը, կը կոչուի ‹‹Երեւանի Պատմութիւնը››։ Այս բաժինի շնորհիւ առցանց կը ծանօթանանք քաղաքի պատմական անցեալին: Բաժինը յագեցած է հարուստ այնպիսի տեղեկութիւններով, որոնք անհրաժեշտ են քաղաքի եւ անոր շրջակայ տարածքի պատմութիւնն ու մշակոյթը հասկնալու եւ գնահատելու համար:

Մաս 2 - ‹‹Հիմնական Տեղեկութիւններ Երեւանի Մասին. Բարի Գալուստ Երեւան›› վերնագիրը կրող այս բաժինը կը տրամադրէ հիմնական տեղեկութիւններ։ Իւրաքանչիւր ճանապարհորդ, նախօրօք պէտք է որ ծանօթանայ այդ տեղեկութիւններուն։ Այստեղ կը գտնուին տուեալներ կարեւոր օրէնքներու, մուտքի արտօնագիրի, ինչպէս նաեւ երթեւեկութեան եւ մշակութային միջոցառումներու մասին։

Մաս 3 - Քաղաքի ամբողջ գեղեցկութիւնը կը տեսնենք այս մասի մէջ, որ կը կրէ ‹‹Շրջագայութիւններ Երեւանի Եւ Մերձակայքի Մէջ ›› վերնագիրը։ Այս բաժինի նպատակն է կազմակերպել 3 շրջագայութիւն քաղաքի եւ 3 շրջագայութիւն՝ մերձակայ տարածքներու մէջ: Սեղմ ժամանակ ունեցող մարդիկ կրնան հետեւիլ առաջարկներէն մէկուն եւ մէկ օր յատկացնել իւրաքանչիւր շրջագայութեան: Իսկ բաւարար ժամանակ ունեցողները, կրնան աւելի շատ ժամանակ տրամադրել, պտըտելու եւ վայելելու համար: Այս բաժինի մէջ կը տեսնենք նաեւ տարբեր տեղեկութիւններ, տարածքի վերաբերեալ փաստեր եւ պատմութիւններ, քարտէզներ, որոնցմէ կրնաք օգտուիլ նոյնիսկ համացանցային կապի չգոյութեան պարագային։ Այս բոլորը կ՚օգնեն, որ այցելուները իրենց ժամանակը ճիշդ ձեւով կազմակերպեն։