ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 71

Կրնաք ծանօթանալ հայկական խոհանոցին, ճաշելով Երեւանի կեդրոնը գտնուող «Թուֆենկեան Խարբերդ»

ճաշարանի մէջ: Այստեղ կրնաք ճաշակել ե՜ւ Արեւմտեան Հայաստանի, ե՜ւ տեղւոյն խոհանոցի

շարք մը ուտեստները՝ խորովածի տեսականի,

ձկնային ուտեստներ, մշոյ-տոլմա եւ փախլաւա: Կրնաք

ընտրել, նաեւ, Աբովեան փողոցի բազմաթիւ ճաշարաններէն մին։ Թեթեւ ճաշի համար այցելեցէք «Արթ Պրիճ» կամ «Քաֆէ Սենթրալ»:

«Արթ Պրիճ» գրախանութ-սրճարանը իր հիւրերը

կ՚ընդունի ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-

էն սկսեալ:Առաւօտեան, օրաթերթ կարդալով գաւաթ մը

սուրճ կրնաք խմել, ինչպէս նաեւ ճաշել կամ երեկոն

անցընել այս յարմարաւէտ եւ հանգիստ վայրին մէջ:

Յետոյ, կարելի է դիտել Յակոբ Պարոնեանի անուան Երաժշտական Կատակերգութեան Պետական Թատրոնի ներկայացումներէն մին եւ կամ վայելել Հանրապետութեան Հրապարակի երգող ու պարող շատրուաններու հրաշագեղութիւնը: Ուշ գիշեր, կրնաք որեւէ խմիչք ըմպել եւ հաճելի ժամանակ անցընել յարակից գարեջրատուներէն եւ կամ փապերէն մէկուն մէջ: Ծանօթացէք «Էօն»-ի հակասրճարանային փիլիսոփայութեան: Այստեղ, ազատօրէն կրնաք օգտուիլ շարք մը ծառայութիւններէն (թէյ, սուրճ, քաղցրաւենիք, միրգեր, տաբլետներ, պաստառ եւ լուսարձակ(projector), երաժշտական գործիքներ, գեղարուեստական այլ պարագաներ, զբօսաշրջային քարտէզներ եւ այլն), վճարելով միայն Ձեր անցուցած ժամանակի համար:

Վերնիսաժ (Տեսանիւթ)

Երեւանի Կեդրոնը

Շրջապտոյտ 1 -

1.1 Հանրապետութեան Հրապարակ

1.2 Պատմութեան Թանգարան / Ազգային Պատկերասրահ

1.3 Ազնաւուրի Հրապարակ ParkMatenadaraCascade

1.4 Վերնիսաժ

1.5 Սասունցի Դաւիթ Հրապարակը

1.6 Էրեբունի Թանգարան