Սասունցի Դաւիթի Արձանը
Եւ Դիւցազնավէպը
Սասունցի Դաւիթի արձանը գլուխ գործոցն է յայտնի քանդակագործ Երուանդ Քոչարի (1899 -1979) եւ ճարտարապետ Միքայէլ
Մազմանեանի (1988-1971)։ Անոնք դիւցազունը վերածեցին արձանի: Սասունցի Դաւիթը, իր Քուռկիկ Ջալալին հեծած, կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ազատատենչ ձգտումները՝
դարերու ընթացքին: Թուրը իր ձեռքին, միշտ պատրաստ է հակահարուած տալու ասպատակողներուն: Պատուանդանի վերի մասի գաւաթէն հոսող ջուրը կը խորհրդանշէ հայ ժողովրդի համբերութեան «բաժակը»: Երբ ջուրը վարարի, ըստ դիւցազներգութեան, Դաւիթը կրկին կը կանգնի հարստահարողներու եւ ասպատակողներու դէմ: Արձանը կը համարուի Երեւանի խորհրդանիշներէն մէկը:
1.5 Սասունցի Դաւիթ Հրապարակը
Սասունցի Դաւիթ Հրապարակը կը գտնուի Երեւանի Էրեբունի շրջանին մէջ: Այստեղ հասնելու ամենայարմար փոխադրամիջոցը մեթրօն է, որ կրնաք առնել Հանրապետութեան Հրապարակէն: Հրապարակին մէջտեղը վեր բարձրացած է հայկական դիւցազնավէպի հերոս Սասունցի Դաւիթին արձանը: Երեւանի կեդրոնական երկաթուղային կայարանը կը գտնուի հրապարակին ետեւը՝ Սեւան փողոցի վրայ: Սասունցի Դաւիթ մեթրոյի կայարանը նոյնպէս հրապարակի վրայ է, մուտքը Տիգրան Մեծ փողոցէն:
Երեւանի Կեդրոնը
Շրջապտոյտ 1 -
1.1 Հանրապետութեան Հրապարակ
1.2 Պատմութեան Թանգարան / Ազգային Պատկերասրահ
1.3 Ազնաւուրի Հրապարակ ParkMatenadaraCascade
1.4 Վերնիսաժ
1.5 Սասունցի Դաւիթ Հրապարակը
1.6 Էրեբունի Թանգարան