1.4 Վերնիսաժ
Քալեցէք դէպի Վերնիսաժ, բացօթեայ յայտնի շուկան՝ զբօսաշրջիկներու համար: Շուկան կը գտնուի Հանրապետութեան Հրապարակ, մեթրոյի կայարանի ետեւը: Վերնիսաժի մէջ կրնաք պտըտիլ եւ ընտրութիւն կատարել յուշանուէրներու մեծ տեսականիէն։
Շուկան ունի 500 մ. երկարութիւն։ Կը գտնուի Արամ եւ Բիւզանդ փողոցներու միջեւ՝ միանալով Խանճեան եւ Նալպանդեան փողոցներուն: Այս շուկան իւրայատուկ է հայկական աւանդական արուեստի գործերու իր բազմատեսակ հաւաքածոներով: Եթէ անօթի էք, կրնաք ընտրել մօտակայ «Թոմաս Սմոքի Ռիպս» ամերիկեան
խոհանոցի փապ-ճաշարանը:
Հայկական Գորգեր
Գորգագործութիւնը Հայաստանի մէջ շատ հին արմատներ ունի։ Դարեր շարունակ, հայկական գորգերը յայտնի եղած են վարպետօրէն համադրուած
գոյներու, հիւսուածքի որակի եւ ձեւաւորումի բազմազանութեան շնորհիւ: Գունազարդ նախշերը եւ սուրբ խորհրդանշանները կ՚արտացոլեն հայկական եւ կրօնական պատկերացումները, ինչպէս նաեւ պատմական եւ մշակութային աւանդոյթները: Հայկական գորգերը ունին բազմաթիւ տեսակներ ու ենթատեսակներ։
Վերնիսաժ
Վերնիսաժ պէտք է այցելել հանգստեան օրերուն: Վերնիսաժը արուեստի գործերու բացօթեայ պատկերասրահ-շուկայ է՝ Հանրապետութեան եւ Խանճեան փողոցներու միջեւ գտնուող այգիի մէջ: Հոսկէ կարելի է գնել կտաւներ, քանդակներ, երաժշտական գործիքներ, կարպետներ, յուշանուէրներ, զարդեր եւ այլ ձեռային աշխատանքներ:
Հայկական Արուեստները Եւ Արհեստները (Տեսանիւթ)
Երեւանի Կեդրոնը
Շրջապտոյտ 1 -
1.1 Հանրապետութեան Հրապարակ
1.2 Պատմութեան Թանգարան / Ազգային Պատկերասրահ
1.3 Ազնաւուրի Հրապարակ ParkMatenadaraCascade
1.4 Վերնիսաժ
1.5 Սասունցի Դաւիթ Հրապարակը
1.6 Էրեբունի Թանգարան