ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 55

Փետրուար- Մարտ / Մարտ-Ապրիլ. - Մեծ Պահքը կը սկսի Բուն Բարեկենդանի յաջորդ օրը: Մեծ Պահքին մարդիկ պէտք է որ զերծ մնան մեղքերէ եւ մարմնական հաճոյքներէ, որպէսզի նախապատրաստուին Յարութեան տօնին: Այդ ընթացքին, ուրախ միջոցառումներու կարգին, արգիլուած են նաեւ նշանադրութեան եւ պսակադրութեան արարողութիւնները: Պէտք է հրաժարիլ կենդանական ծագում

ունեցող ուտելիքներէ եւ օգտագործել միայն բուսական սննդամթերքները: Պահքի շրջանին անհրաժեշտ է բարոյական, մարմնական եւ հոգեւոր ժուժկալութիւնը : Հայկական եկեղեցւոյ հայրերը Մեծ Պահքը անուանած են, նաեւ, ‹‹Քառասնորդաց››, որովհետեւ Մեծ պահքի տեւողութիւնը 40 օր է:

Մարտ / Ապրիլ. - Ծաղկազարդը կը նշուի Մեծ Պահքի 6-րդ Կիրակին։ Կը խորհրդանշէ բնութեան զարթօնքը եւ Յիսուս Քրիստոսի մուտքը՝ Երուսաղէմ, երբ ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց Յիսուսը , ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր սփռելով Տիրոջ ճանապարհին:

Հայկական եկեղեցւոյ մէջ յատուկ ծիսակատարութեամբ տեղի կ՚ունենայ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերու օրհնութիւնը։ Հայկական եկեղեցին այս օրը կը նկատէ, նաեւ, երեխաներու օրհնութեան օր:

Հայկական Տօները Եւ Յիշատակի Օրերը

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :