ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 54

Յունուար 28 - Հայոց Բանակի Օրը Հայաստանի մէջ կը տօնեն Յունուար 28-ին ` ի յիշատակ Հայաստանի Հանրապետութեան (1992 ) զինեալ ուժերու հիմնադրման:

Փետրուար 14 - Տեառնընդառաջը կը նշուի Փետրուար14-ին, Ս. Ծնունդէն 40 օր ետք։ Տեառնընդառաջ կը նշանակէ «Տիրոջն ընդառաջ երթալ››: Տեառնընդառաջը 40 օրուայ մանուկ Յիսուսի ընծայումն է՝ Երուսաղէմի տաճար: Կը խորհրդանշէ նաեւ գարնան գալուստ, բերքի առատութիւն, բերրիութիւն, իսկ նոր ամուսնացող զոյգերու համար՝ բարօրութիւն, պտղաբերութիւն:

Տօնի հիմնական ժողովրդական արարողութիւններէն է խարուկավառութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ լոյսը(‹‹կրակը կ՚ազատէ չարիքէն››): Ըստ աւանդութեան` երիտասարդ նորապսակները կը ցատկեն կրակի վրայէն, որպէսզի անոնց ցանկութիւնները իրականանան, նորահարսերը մայրանան, իսկ տարին ըլլայ՝ բարեբեր:

Փետրուար / Մարտ.

Բուն Բարեկենդանը (բարի + կենդանի) կը տօնեն Մեծ Պահքի նախորդող Կիրակի օրը: Կը համարուի Արեւմուտքի Mardi Gras(Մարտի Կրաս) կամ Carnival(քարնաւալ) տօներու համարժէքը: Տօնը հարուստ է տօնական արարողութիւններով . մարդիկ կը խաղան, կը ծպտուին եւ կ՚ուրախանան։ Սեղանները առատ կ՚ըլլան ուտելիքներով եւ խմիչքներով: Բարեկենդանին կը յաջորդէ Մեծ Պահքը, որու ընթացքին հաւատացեալները զերծ կը մնան ամէն տեսակի խրախճանքէ:

Հայկական Տօները Եւ Յիշատակի Օրերը

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :