Յունուար 1- Նոր Տարին (Ամանորը) Հայաստանի մէջ կը տօնեն Յունուար 1-ին: Այդ օր, սեղանները առատ կ՚ըլլան տարբեր տեսակի ուտեստեղէններով եւ քաղցրաւենիքներով: Նոր Տարուան առթիւ մարդիկ զիրար կը շնորհաւորեն բարեմաղթանքներով եւ նուէրներով։ Այդ շրջանին, բոլորը, սիրով կ՚ընդունին հիւրերը։
Յունուար 6 - Հայ Առաքելական Եկեղեցին Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը կը նշէ Յունուար 6-ին: Այդ օր կը նշուի ոչ միայն Քրիստոսի ծնունդը, այլ նաեւ Քրիստոսի մկրտութիւնը՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ: Ս. Ծննդեան պատարագին կը յաջորդէ
Ջրօրհնէքի արարողութիւնը ( ջուրի օրհնութիւն ): Յունուար 5-ին, երեկոյեան, եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Պատարագ (ճրագներով լուսաւորում)` ի պատիւ Քրիստոսի յայտնութեան (Աստուածայայտնութիւն): Եկեղեցիէն տուն վերադառնալէ ետք, հայերը ընտանեօք կը ճաշակեն ընթրիք մը, որ սովորաբար կը պատրաստուի ձուկով, բրինձով եւ բանջարեղէնով: Նախատօնակը աւանդաբար կը կոչուի նաեւ խթում։ Այդ օր, մարդիկ զիրար կը շնորհաւորեն, բայց նուէրներու փոխանակումը կը կատարեն Նոր Տարուան օրը ( Յունուար 1-ին ):
Յունուար / Փետրուար .
- Սուրբ Սարգիսի յիշատակութեան օրը, հայերու համար, սիրոյ տօնն է: Կը նշեն Յունուար 18-էն մինչեւ Փետրուար 23 համընկած ժամանակահատուածին մէջ` Սուրբ Զատիկէն 63 օր առաջ: Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը, երիտասարդները աղի բլիթ կ՚ուտեն, հաւատալով, որ Սուրբ Սարգիսը կ՚որոշէ իրենց ճակատագիրը: Այն անձը, որ երազի մէջ ջուր կու տայ
աղի բլիթ ուտողին, կը դառնայ անոր ապագայ կողակիցը:
Հայկական Տօները Եւ Յիշատակի Օրերը
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :