ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 56

Մարտ / Ապրիլ. - Սուրբ Զատիկը Հայկական Առաքելական Եկեղեցւոյ երկրորդ գլխաւոր տօնն է։ Շարժական տօն է եւ կը նշուի Մարտ 21-էն մինչեւ Ապրիլ 26-ը համընկնող ժամանակահատուածին մէջ` առաջին լիալուսինին յաջորդող Կիրակի օրը: Զատիկը կը սկսի Աւագ Ուրբաթ օրը եւ կը տեւէ մինչեւ Կիրակի: Սուրբ Յարութեան տօնին մարդիկ զիրար կ՚ողջունեն ‹‹ Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց ›› խօսքով, որուն կը յաջորդէ «Օրհնեալ Է Յարութիւնը Քրիստոսի » պատասխան - խօսքը : Ըստ աւանդութեան, Զատիկին, մարդիկ հաւկիթը կարմիր կը ներկեն։ Հաւկիթը կը համարուի յարութեան եւ նոր կեանքի սկզբնաւորման խորհրդանշանը: Իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչ բարձրացած Յիսուսի արիւնը, որ հոսեցաւ մեր փրկութեան համար: Հայաստանի մէջ Զատիկին նուիրուած աւանդական խաղ կայ։ Լաւ խաշուած հաւկիթները կը բաժնեն բոլորին։

Մէկը հաւկիթը կը պահէ իր ձեռքը, իսկ միւսը իր հաւկիթով կը զարնէ այդ հաւկիթը` փորձելով կոտրել զայն: Պարտուողը յաղթողին կը նուիրէ կոտրուած հաւկիթը: Զատիկի յաջորդ օրը կը կոչուի մեռելոց, որ հանգուցեալներու յիշատակի օրն է:

Մարտ 8 . Կանանց Միջազգային Օրը հայերու համար շատ կարեւոր տօն է։ Մարտի 8-ին կը սկսին կիներու նուիրուած միամսեայ տօնակատարութիւնները: Բոլոր կիները, իրենց ընտանիքի անդամներէն, ընկերներէն եւ գործընկերներէն կը ստանան նուէրներ եւ ծաղիկներ։ Մարտի 8-էն մինչեւ Ապրիլ 7-ը կը համարուի կանանց ամիս:

Ապրիլ 7. - Կանանց ամիսը իր լրումին կը հասնի Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան տօնով (մայրութեան տօն): Այս տօնին մայրերը նուէրներ եւ ծաղիկներ կը ստանան իրենց երեխաներէն:

Հայկական Տօները Եւ Յիշատակի Օրերը

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :