ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 48

Մանուկներու Երեւանը

Ձեր զաւակներուն կեցութիւնը Երեւանի մէջ կարելի է հետաքրքրական դարձնել, այցելելով երեխաներու համար յատուկ ծրագրուած վայրեր: Շատ մը ժամանցային վայրեր կան, ինչպէս Լունա Փարքը, Յաղթանակի Այգին, Մանկական Երկաթուղին, Կրկէսը, Կենդանաբանական Այգին եւ Ջրաշխարհը: Կան նաեւ ստեղծագործական եւ զարգացումի կեդրոններ, ինչպէս, Նարնջագոյն Փիղ, Ծիածան- Մանկական Զարգացման Կեդրոնը, Ալատտին, Մանկական Ժամանցի Կեդրոնը, եւայլն: Նարնջագոյն Փիղը նաեւ երեխաներու համար արուեստի եւ ձեռարուեստի գործերու արտադրութեան կեդրոն է, արդիական, անվնաս նիւթերով, ինչպէս փոլիմէր կաւ, ձեւաւորուող խմոր, պատուհանի ներկեր, եւայլն:

Մանկական Երկաթուղին

Մանկական երկաթուղին Երեւանի ամենագեղեցիկ վայրերէն մէկն է, Հրազդանի կիրճի երկայնքին, տեղադրուած զբօսայգիի մը մէջ։ Երեւանի մէջ Մանկական Երկաթուղի ստեղծելու գաղափարը կը պատկանի Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարներէն, Աղասի Խանջեանին եւ իրագործուած է

1936-ին, պետական ծրագիրով: Անոր բացումը կատարուեցաւ 7 Նոյեմբեր, 1937-ին, Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան օրը: Կամաւորներ Հայաստանէն եւ Խորհրդային Միութեան այլ երկիրներէն , ինչպէս Ուգրանիա եւ Վրաստան, աշխատեցան կառոյցին վրայ։ Առաջին աշխատաւորներն ու երկաթուղիի ծառայողները մանուկներ էին, որոնք յետոյ դարձան մասնագէտներ այս ասպարէզին մէջ։

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :