ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 47

Ժամանցի Վայրեր

Ամրան ընթացքին Երեւանի Ջրաշխարհը, իր լողաւազաններով եւ ջրաշխարհով, ժամանցի հոյակապ վայր է: Սննդեղէնի եւ ըմպելիքի տաղաւարներ կան, ինչպէս նաեւ ճաշարան մը: Ձմրան եղանակին, ամենամեծ լողաւազանը կը վերածուի գեղասահքի սառցադաշտի: Ներքին ջրապարտէզը, ծանօթ որպէս Aquatek (Ագուաթէք) ընտանեկան գեղեցիկ հաւաքավայր մըն է, աւազաններով եւ երեխաներու ջրասահնակներով: Ագուաթէքը բաց է ամբողջ տարին, առանց արձակուրդի օրերու: Խաղաքաղաքին (Play City) մէջ կան զանազան ծառայութիւններ եւ ժամանցի առիթներ. փոքր մեքենաներու մրցադաշտ (Karting), պօուլինկ, պակի, խաղերու մեքենաներ, 7D սինեմա, բախուող ինքնաշարժեր, մինի կօլֆ, ներկակռիւ (Paint ball), պիլիարտ, ինչպէս նաեւ ճաշարան մը եւ սրճարան-պառ մը, ուր կարելի է հաւաքոյթներ կազմակերպել եւ միջոցառումներ ձեռնարկել:

Ջրաշխարհին եւ Խաղաքաղաքին միջեւ կայ Երեւանի Բուսաբանական Այգին (the Yerevan Botanical Garden) , որ ծառերու եւ թուփերու հարուստ հաւաքածոյ ունի, , աւելի քան 1070 տեսակ, Կովկասի եւ Ղրիմի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Սիպերիոյ եւ Արեւելեան Ասիոյ բուսատեսակներ (dendrite flora)։ Հայկական բոյսերու հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ մօտ 200 տեղային, հազուագիւտ եւ նուազող տեսակներ: Կան նաեւ 300 տարբեր տեսակի վարդեր: Երեւանի Գազանանոցը (Կենդանաբանական Այգին) նաեւ ժամանցի հաճելի գօտի է, ուր կ՛ապրին 204 տեսակի 2749 կենդանիներ: Հարաւային Կովկասն ու Հայաստանը ներկայացնող տեսակներուն մէջ կան թխագոյն արջեր, պէզօր այծեր, օձատեսակներ, հայկական վայրի ոչխար եւ սեւ անգղներ: Աշխարհի զանազան վայրերէն բերուած միւս տեսակներուն մէջ կանառիւծներ, վագրեր, բորենիներ եւ Կրանդ անունով ասիական փիղ մը:

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :